Փետրուար 7-12, Նանթ քաղաքի ֆիլմի միջազգային Univerciné Nantes փառատօնին կը ցուցադրուի հայկական երեք ժապաւէն՝ բեմադիր Հայկ Օրդեանի «Զուլալի»-ն, Իննա Սահակեանի «Աւրորայի լուսաբացը» եւ Թամարա Ստեփանեանի «Կանանց գիւղը»։
«Զուլալի» ֆիլմին առաջին ցուցադրութիւնը տեղի կ՚ունենայ փառատօնի բացումին: Ի դէպ, փառատօնի գլխաւոր պաստառին պատկերուած է «Զուլալին»: