Փետրուար 6-ի աւերիչ երկրաշարժին հետեւանքով տիգրանակերտցի Զիլան Տիգրիս եւ իր ամուսինը մնացած են փլատակներուն տակ։ Լուրը հաղորդած է Տիգրանակերտցի հայ արուեստի գործիչներէն Ուտի Երուանդ՝ Դիմագիրքի իր էջին գրառումով։
Երգչուհին ծնած է 1972-ին. Տիգրանակերտցի հայ է։ Ան 2015-ին Երեւան այցելած էր մասնակցելով «Արի տուն» ծրագրին։