Ազերպայճանի մէջ սկսած է իսրայէլեան զէնքի առաջին գործատան արտադրութիւնը

Ազերպայճան-իսրայէլեան գործատան բացում

Նոր գործատունը երկրին մէջ առաջին անգամ պիտի արտադրէ արեւմտեան չափանիշով M-4 տիպի հրացաններ

Իսրայէլեան ARI Arms ընկերութիւնը սկսած է զէնք արտադրել Ազերպայճանի մէջ։ Ընկերութեան համաձայն՝ Հոկտեմբերի սկիզբը տեղի ունեցած գործատան բացման ներկայ գտնուած է նաեւ նախագահ Իլհամ Ալիեւ։

Գործատունը կը պատկանի Պաքուին եւ ստեղծուած է Ազերպայճանի ու Իսրայէլի պաշտպանական գերատեսչութիւններու համատեղ ձեռնարկութեամբ։ Ան երկրին մէջ առաջինն է, որ պիտի արտադրէ արեւմտեան չափանիշով AR-15 հէնքով OR-4 (M-4 տիպի) հրացաններ։ «ADEX» ցուցահանդէսին ընթացքին տեղական արտադրութեան առաջին հրացանը ներկայացուած է Իլհամ Ալիեւին եւ փոխնախագահ Մեհրիպան Ալիեւային։

ARI Arms յայտնած է, որ ինք կը տրամադրէ անհրաժեշտ արտադրական գիտելիքն ու փորձը՝ Ազերպայճանի մէջ արեւմտեան չափանիշերուն համապատասխան տեղական արտադրութիւն հաստատելու համար։

Գործատան բացումը նոր քայլ մըն է Ազերպայճան-Իսրայէլ պաշտպանական սերտ կապերուն մէջ։ Երկու երկիրներուն գործակցութիւնը կը շարունակուի նաեւ ուժանիւթի մարզին մէջ․ 2025 Յունիսին ազերպայճանական պետական SOCAR ընկերութիւնը շուրջ 1,25 միլիառ տոլարի գնած էր Իսրայէլի մեծագոյն կազի հանքավայրերէն Թամարի 10 առ հարիւր բաժինը։

ARI Arms նախապէս գործակցած է նաեւ Փիլիպպեաններու եւ Հայաստանի հետ։ Ընկերութիւնը 2025-ին շահած էր իսրայէլեան բանակի մատակարարման մրցոյթ մը։ Մինչ այդ, սակայն, «Haaretz»-ի կատարած հետաքննութենէն պարզուած էր, որ ընկերութիւնը զէնքի արտադրութեան մարզին մէջ սահմանափակ փորձ ունէր եւ նախապէս գլխաւորաբար զբաղած էր մետաղի ու կերպընկալի մշակմամբ։