Հայաստան՝ 2027-ին այցելութեան արժանի աշխարհի 27 վայրերու շարքին
Միջազգային հեղինակաւոր «Condé Nast Traveller Middle East» ճամբորդական պարբերականը Հայաստանը ընդգրկած է 2027-ին այցելութեան արժանի աշխարհի լաւագոյն 27 զբօսաշրջային ուղղութիւններու իր ցանկին մէջ։
Պարբերականը կը շեշտէ Հայաստանի հարուստ պատմամշակութային ժառանգութիւնը, լեռնային տպաւորիչ բնութիւնը, միջնադարեան վանքերն ու հինաւուրց յուշարձանները, որոնք երկիրը առանձնայատուկ կը դարձնեն պատմութեամբ, մշակոյթով եւ բնութեան մէջ արշաւներով հետաքրքրուող զբօսաշրջիկներուն համար։
Յօդուածին մէջ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի Հայաստանի մէջ զարգացող հետիոտն արշաւներու ուղիներուն, մասնաւորաբար՝ Անդրկովկասեան արահետին եւ Հայաստանի ազգային արահետին։ Այս ուղիները զբօսաշրջիկներուն կարելիութիւն կ՚ընձեռեն բացայայտելու Սիւնիքի կիրճերը, Տաթեւի վանքը, Գեղամայ լեռները, Դիլիջանի անտառներն ու երկրի այլ գեղատեսիլ վայրերը։
Պարբերականը կ՚անդրադառնայ նաեւ Երեւանի պատմական դիմագիծին, հայկական խոհանոցին եւ տեղական բնակչութեան հիւրընկալութեան՝ ընդգծելով, որ Հայաստանը 2027-ին յատկապէս գրաւիչ ուղղութիւն մը պիտի ըլլայ բնութեան եւ արկածախնդրական զբօսաշրջութեան սիրահարներուն համար։
