«Turkish Cargo» սկսած է կանոնաւոր բեռնափոխադրումներ Պոլսոյ եւ Երեւանի միջեւ
Թրքական «Turkish Airlines» օդանաւային ընկերութեան բեռնափոխադրութեան բաժանմունքը՝ «Turkish Cargo», Նոյեմբեր 15-ին կատարած է Պոլիս-Երեւան-Պոլիս երթուղիով իր առաջին կանոնաւոր բեռնատար թռիչքը։
Նոր օդային հաղորդակցութիւնը նպատակ ունի դիւրացնել երկու երկիրներուն միջեւ ապրանքներու փոխադրութիւնը եւ ընդլայնել ընկերութեան միջազգային ցանցը։
Յիշեցնենք, որ «Turkish Airlines» 2026 Մարտէն ի վեր կանոնաւոր ուղեւորատար թռիչքներ կը կատարէ Պոլսոյ եւ Երեւանի միջեւ, մինչ հայ-թրքական ցամաքային սահմանը տակաւին փակ կը մնայ։
