Ռուսական առեւտրական սահմանափակումներուն հարցով Հայաստան կրնայ դիմել ԵԱՏՄ-ի դատարան

Պապոյեան

Հայաստան չի բացառեր Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) դատարան դիմելու կարելիութիւնը, եթէ հայկական ապրանքներուն նկատմամբ Ռուսաստանի հաստատած սահմանափակումներուն հարցով Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովը Երեւանի ի նպաստ որոշում չկայացնէ։

Այս մասին Նոյեմբեր 18-ին խորհրդարանին մէջ յայտարարած է Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան՝ բացատրելով, որ Երեւան կը նախընտրէ հարցին քննարկումը կատարել այն ժամանակ, երբ վստահ ըլլայ իր առաջարկին ընդունման։

Նախարարին համաձայն՝ կառավարութիւնը կ՚աշխատի դրական արդիւնքի հասնելու ուղղութեամբ, սակայն ան չէ պարզաբանած, թէ ինչո՛ւ յանձնաժողովին նախատեսած քննարկումները կրկնակի յետաձգուած են։ Առաջին նիստը պիտի կայանար Նոյեմբեր 3-ին, իսկ երկրորդը՝ Նոյեմբեր 10-ին։

Ռուսաստան տարեսկիզբէն ի վեր սահմանափակումներ հաստատած է հայկական գիւղատնտեսական արտադրութիւններու, ձկնեղէնի, ծաղիկներու եւ կարգ մը խմիչքներու ներածման, ինչպէս նաեւ ԵԱՏՄ-ի տարածքով անոնց տարանցիկ փոխադրութեան նկատմամբ։

Պապոյեան անդրադարձած է նաեւ Մոսկուա կատարելիք իր այցելութեան ջնջումին։ Ան բացատրած է, որ ԵԱՏՄ-ի անդամ երկիրներու նախարարներուն միջեւ նախատեսուած հանդիպումը չեղեալ յայտարարուած է, որովհետեւ երկու նախարար վերջին պահուն չէին կրնար մասնակցիլ։ Փոխարէնը՝ հանդիպումը պիտի կայանայ փոխնախարարներու մակարդակով։

Միաժամանակ, Պապոյեան հերքած է այն պնդումները, թէ Հայաստան կը ձգտի Եւրասիական տնտեսական միութիւնը փոխարինել Եւրոպական Միութեամբ։

“Ո՞վ ըսաւ, թէ մենք կ՚ուզենք ԵԱՏՄ-ն փոխարինել ԵՄ-ով։ Մենք կ՚ուզենք աւելի շատ վաճառել թէ՛ ԵՄ-ի եւ թէ՛ ԵԱՏՄ-ի շուկաներուն մէջ”,– յայտարարած է ան՝ ընդգծելով, որ իր նպատակը հայկական արտածումներու ծաւալը բոլոր ուղղութիւններով աւելցնելն է։

Նախարարին համաձայն՝ 2026-ին դէպի Եւրոպական Միութիւն հայկական արտածումները զգալի աճ արձանագրած են, մինչդ ԵԱՏՄ-ի շուկաներուն մէջ որոշ ապրանքներու վաճառքը նուազած է։ Ան յոյս յայտնած է, որ 2027-ին կարելի պիտի ըլլայ վերականգնել ԵԱՏՄ-ի ուղղութեամբ արտածումներու նախկին ծաւալները։

Soutenez NH