Հայկ Օլիվիէ Շահպազեան՝ Փարիզեան շրջանին մէջ Սփիւռքի գործերու յանձնակատար
Հայկ Օլիվիէ Շահպազեան վարչապետի՝ 2026 Հոկտեմբեր 5-ի որոշումով նշանակուած է Իլ-տը-Ֆրանս (Փարիզեան) շրջանին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գործերու յանձնակատար։
Շահպազեան իր պարտականութիւնները պիտի կատարէ կամաւոր եւ անվճար հիմունքներով՝ խորհրդականի կարգավիճակով։ Ան պիտի ներկայացնէ Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը՝ Իլ-տը-Ֆրանս (Փարիզեան) շրջանի հայ համայնքին հետ կապերու եւ գործակցութեան վերաբերող հարցերուն մէջ։
Իր առաքելութեան մաս կը կազմեն Իլ-տը-Ֆրանսի հայ համայնքին եւ Հայաստանի համապատասխան հաստատութիւններուն միջեւ հաղորդակցութեան ու գործակցութեան սատարումը, համայնքային մասնակցութեան խրախուսումը, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման միտող նախաձեռնութիւններուն աջակցութիւնը։
Պաշտօնական հաստատման մէջ նաեւ կը ճշդուի, որ Հայկ Օլիվիէ Շահպազեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական ծառայողի կամ պետական պաշտօնատարի կարգավիճակ չունի։ Փաստաթուղթը ստորագրած է Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան։
