CNN Türk այցելած հայ լրագրողներուն սպասող տհաճ անակնկալները
Հայ եւ թուրք լրագրողներու համատեղ այցելութիւնը CNN Türk-ի կեդրոնատեղի բացայայտած է, որ թրքական հեռատեսիլի կայանին ընկերային ցանցերուն վրայ հրապարակուող հայերէն լուրերը կը պատրաստուին ամբողջովին արհեստական բանականութեան միջոցաւ՝ առանց հայերէն գիտցող լրագրողներու կամ խմբագիրներու մասնակցութեան։
Այցելութիւնը կազմակերպուած էր «Media Bus Tour» ծրագրին ծիրէն ներս՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման եւ սահմանին հաւանական բացման շուրջ Թուրքիոյ հանրային կարծիքին ծանօթանալու նպատակով։
CNN Türk-ի լուրերու բաժանմունքի ղեկավար Իտրիս Արըքան յայտնած է, թէ Թուրքիոյ հասարակութեան մէջ հայ-թրքական սահմանին բացման դէմ զգալի հակազդեցութիւն չկայ։ Ան նաեւ ընդունած է, որ ոչ-հրապարակային քննարկումներու ընթացքին սահմանին փակ մնալը կը կապուի Ազերպայճանի հետ։
Հանդիպումը ուշագրաւ դարձած է նաեւ այլ պատճառով. պարզուած է, որ Արըքան նոյն լրագրողն է, որ 2025-ին Հայաստան կատարած այցելութենէն ետք պատրաստած էր հայկական շրջանակներու բուռն քննադատութեան արժանացած տեսանիւթը։
Այդ տեսանիւթին մէջ Երեւանի Կապոյտ մզկիթը ներկայացուած էր իբրեւ թրքական պատմական ժառանգութիւն, իսկ Երեւանը՝ պատմական թրքական քաղաք։ Հայ լրագրողները հանդիպման ընթացքին յիշեցուցած են այս աղմկայարոյց հրապարակումը։
CNN Türk-ի պատասխանատուները նաեւ յայտնած են, թէ Հայաստանի մէջ մնայուն թղթակից ունենալու ծրագիր առայժմ չունին։
