Մշոյ մէջ յայտնաբերուած բերդ մը կրնայ Ուրարտուի առաջին մայրաքաղաքը ըլլալ
Մշոյ մերձակայքը յայտնաբերուած է շուրջ 3000 տարուան հսկայ բերդ մը, որ հնագէտներու ենթադրութեամբ՝ կրնայ Ուրարտուի թագաւորութեան առաջին մայրաքաղաքը՝ Արզաշկունը ըլլալ։
Արբանեակային լուսանկարներու օգնութեամբ յայտնաբերուած բերդը կը տարածուի շուրջ 120 հազար քառակուսի մեթրի վրայ, իսկ անոր պարիսպներուն երկարութիւնը կը հասնի 1,4 քիլոմեթրի։
Հնագէտները կը քննեն Արամէ թագաւորի արքայանիստ Արզաշկունին հետ անոր հաւանական կապը։ Քաղաքը յիշատակուած է Ք.Ա. 9-րդ դարու ասորական արձանագրութիւններուն մէջ, սակայն անոր ճշգրիտ վայրը մինչեւ այսօր անյայտ կը մնայ։
Այս ենթադրութեան հաստատումը կրնայ նոր լոյս սփռել Ուրարտուի կազմաւորման վաղ շրջանին վրայ։
