849727780_1555497596605632_6405237019503156511_n

COP17-ի ղեկավարներու վեհաժողովին մասնակցելու համար Երեւան ժամանած ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշ Հոկտեմբեր 15-ին այցելած է Մատենադարան՝ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեանի ընկերակցութեամբ։

Բարձրաստիճան հիւրը շրջած է Մատենադարանի թանգարանին մէջ եւ ծանօթացած հայկական ձեռագրերու հարուստ հաւաքածոյին ու պատմամշակութային բացառիկ նմուշներուն։

Այցելութեան աւարտին Կութերէշ Մատենադարանի յուշամատեանին մէջ գրած է.

«Խորին երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ բոլոր այն կիներուն եւ տղամարդոց, որոնք իրենց աշխատանքով նպաստած են հայկական մշակոյթի եւ պատմութեան այս բացառիկ գանձարանին պահպանման ու զարգացման՝ ի բարօրութիւն հայ ժողովուրդին եւ համայն աշխարհի մշակութային ժառանգութեան»։