Ռուբէն Ռուբինեան եւ Եաէլ Պրաուն-Փիվէ քննարկեցին հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու խորացումը
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան Հոկտեմբեր 15-ին, Հռոմի մէջ, հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահ Եաէլ Պրաուն-Փիվէի հետ։
Հանդիպումը կայացած է Եւրոպայի խորհուրդի անդամ երկիրներու խորհրդարաններու նախագահներու վեհաժողովին ծիրէն ներս։
Երկու նախագահները քննարկած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ սերտ բարեկամական յարաբերութիւնները, անոնց հետագայ զարգացման կարելիութիւններն ու տարածաշրջանային հարցեր։
Կողմերը յատկապէս ընդգծած են խորհրդարանական դիւանագիտութեան կարեւորութիւնը՝ շեշտելով երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման եւ փոխադարձ այցելութիւններու շարունակման անհրաժեշտութիւնը։
