Միւնիխի Ապահովութեան հարցերուն նուիրուած համաժողովի շրջանակին մէջ, Փետրուար 18-ին կայացած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը։
Կողմերը անդրադարձած են Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին շուրջ տարուող աշխատանքներուն, տարածաշրջանային երթեւեկի, ենթակառոյցներու ապաշրջափակման եւ երկու երկիրներու միջեւ սահմանազատման հարցերուն` համաձայն Փրակայի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութեան:
Հայաստանի վարչապետը վերահաստատած է հայկական կողմի նպատակը` հասնելու այնպիսի պայմանագրի ստորագրութեան, որ իրապէս կ՚երաշխաւորէ տարածաշրջանի մնայուն խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը: Ան միաժամանակ ընդգծած է Բերձորի միջանցքի ապօրինի շրջափակման ու անոր հետեւանքով Արցախի մէջ յառաջացած մարդասիրական, բնապահական եւ ուժանիւթի ճգնաժամին փաստը: