COP17. Ղեկավարներու վեհաժողովի աւարտին որդեգրուած է «Երեւանի հռչակագիր»-ը
Երեւանի մէջ Հոկտեմբեր 16-ին գումարուած COP17-ի ղեկավարներու վեհաժողովի աւարտին որդեգրուած է «Երեւանի հռչակագիր. գործել յանուն բնութեան» խորագիրը կրող փաստաթուղթը, որ կոչ կ՚ուղղէ միջազգային հանրութեան՝ արագացնելու կենսաբազմազանութեան պահպանման եւ բնութեան վերականգնման ջանքերը։
Հռչակագիրը կը շեշտէ, թէ կենսաբազմազանութիւնը երկրագունդին վրայ կեանքի հիմքն է եւ կենսական նշանակութիւն ունի սնունդի ապահովման, մարդկային առողջութեան, կլիմայական փոփոխութիւններուն դիմակայելու եւ կայուն զարգացման համար։
Մասնակիցները վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը՝ մինչեւ 2030 կասեցնելու կենսաբազմազանութեան կորուստը եւ շրջելու այդ ընթացքը, իսկ մինչեւ 2050 հասնելու բնութեան հետ ներդաշնակ ապրելու նպատակին։
Հռչակագիրը կ՚ընդգծէ, որ հակառակ վերջին տարիներու միջազգային ջանքերուն, արձանագրուած յառաջընթացը տակաւին անբաւարար է։ Ուստի անհրաժեշտ կը նկատէ բնապահական հարցերը ընդգրկել պետական քաղաքականութեան եւ տնտեսական որոշումներուն մէջ, ապահովել բաւարար գանձատրում եւ ամրապնդել միջազգային գործակցութիւնը։
Յատուկ կարեւորութիւն կ՚ընծայուի նաեւ գիտական հետազօտութիւններուն, նորարարութեան, բնութեան վիճակին հետեւելու միջոցներու կատարելագործման, ինչպէս նաեւ բնիկ ժողովուրդներու, տեղական համայնքներու, կիներու, երիտասարդներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան մասնակցութեան։
Փաստաթուղթը կոչ կ՚ուղղէ արագացնելու Քունմինկ–Մոնրէալի կենսաբազմազանութեան համաշխարհային համաձայնութեան 23 նպատակներուն իրագործումը՝ շեշտելով, որ բնութեան պաշտպանութիւնը կը պահանջէ ոչ միայն քաղաքական յանձնառութիւններ, այլեւ գործնական քայլեր, համապատասխան նիւթական միջոցներ եւ միջազգային զօրակցութիւն։
