ԼԻԲԱՆԱՆ – «Արամ Ա. կաթողիկոս» հայագիտական հիմնարկը բացած է իր նոր կրթական տարեշրջանը
Լիբանանի Ֆանար շրջանին մէջ գործող «Արամ Ա. կաթողիկոս» հայագիտական հիմնարկը Հոկտեմբեր 14-ին բացած է 2026–2027 կրթական տարեշրջանը՝ Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեամբ։ Հիմնարկը այս տարի կը համախմբէ 45 ուսանող, որոնք դասընթացքներուն կը հետեւին առկայ կամ առցանց դրութեամբ, ինչպէս նաեւ եօթը ազատ ունկնդիր։
Վերամուտին առիթով կազմակերպուած հանդիպման մասնակցած են Հիմնարկին տնօրէնութիւնը, դասախօսներն ու ուսանողները։
Հիմնարկի տնօրէն Ահարոն Շխրտըմեան իր խօսքին մէջ շեշտած է հայագիտական կրթութեան այժմէական նշանակութիւնը, յատկապէս Սփիւռքի դիմագրաւած լեզուական, մշակութային եւ ազգային ինքնութեան պահպանման մարտահրաւէրներուն լոյսին տակ։ Անոր համաձայն, հայագիտութիւնը այլեւս միայն ուսումնական բնագաւառ մը չէ, այլեւ հայ ժողովուրդին գոյատեւման ու շարունակականութեան կարեւոր երաշխիքներէն մէկը։
Շխրտըմեան ընդգծած է նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոսի հովանաւորութիւնը վայելող հիմնարկին առաքելութիւնը՝ պատրաստել հայագիտական գիտելիքներով օժտուած, ազգային գիտակցութեամբ ամուր եւ իր արմատներուն հաւատարիմ երիտասարդներ, որոնք միաժամանակ կարենան քայլ պահել արդի աշխարհի զարգացումներուն հետ։
Նորեկ եւ ուսումը շարունակող ուսանողներուն, ինչպէս նաեւ դասախօսներուն յաջող տարեշրջան մաղթելով՝ տնօրէնը հիմնարկին առաքելութիւնը խտացուցած է հետեւեալ խօսքերուն մէջ.
«Արեւմտահայերէնը, հայ մշակոյթն ու հայոց պատմութիւնը ապրեցնելով՝ մենք մեր ժողովուրդին վաղուան օրը կը կերտենք»։






