Կոմիտասի ժառանգութեան նուիրուած միջազգային փառատօն
Komitasi tangaran
Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան օրը՝ Սեպտեմբեր 26-ին, Երեւանի մէջ սկսած է անոր յիշատակին ու ստեղծագործական ժառանգութեան նուիրուած «Կոմիտաս» միջազգային գիտաժողով-փառատօնը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբեր 8։
Բացման նախօրեակին «Կոմիտաս» զբօսայգիի պանթէոնին մէջ կատարուած է հոգեհանգստեան կարգ, որմէ ետք ներկաները ծաղիկներ զետեղած են Վարդապետին շիրիմին։ Ձեռնարկներուն կը մասնակցին Հայաստանի եւ արտասահմանի մտաւորականներ, արուեստագէտներ, դիւանագէտներ եւ մասնագէտներ։
Փառատօնի ծրագիրը կ՚ընդգրկէ Կոմիտասի երաժշտական, գիտական եւ գրական ժառանգութիւնը, կերպարուեստ, թատերական ընթերցումներ եւ անոր կեանքին ու գործունէութեան վերաբերող նիւթերու ներկայացում։
Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին մէջ բացուած է նաեւ «Էդէն» ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը՝ Հայաստանի, Մեքսիքայի եւ Ֆրանսայի արուեստագէտներու մասնակցութեամբ։
Փառատօնը պիտի եզրափակուի Հոկտեմբեր 8-ին՝ «Կոմիտաս Վարդապետ. դաշնամուրային երկեր» գիրքի ներկայացմամբ եւ դաշնակի համերգով։



