Ականներու հարցը՝ Պաքուի հակահայ քարոզչութեան նոր միջոցը Եւրոպայի մէջ
«Աշխարհ մը առանց ականներու» մարդասիրական նշանաբանին տակ, Ազերպայճան եւրոպական քաղաքներու մէջ լուսանկարչական ցուցահանդէսներու շարք մը կազմակերպած է՝ Հայաստանի վրայ բարդելով պատերազմի հետեւանքով ականներու պատճառած մարդկային կորուստներուն պատասխանատւութիւնն ալ։
Ազերպայճանական «Կիլավար» լուսանկարչական ակումբին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ցուցահանդէսները Հոկտեմբեր 5-ին սկսած են Ժընեւէն, ապա շարունակուած՝ Չեխիոյ Պռնօ, Սլովենիոյ Լիւպլիանա, Պոսնիոյ Սարայեւօ, Խրուաթիոյ Զակրէպ եւ Աւստրիոյ Զալցպուրկ քաղաքներուն մէջ։ Շրջիկ ցուցահանդէսին վերջին հանգրուանը Հոկտեմբեր 17-ին եղած է Հռոմը։
Զալցպուրկի մէջ, Հոկտեմբեր 15-ին, կազմակերպիչները ներկայացուցած են 22 լուսանկարներ՝ պատկերելով ականներու պայթումներուն հետեւանքներն ու տուժած անձերու պատմութիւնները։
Սակայն մարդասիրական այս նախաձեռնութիւնը առիթ ծառայած է նաեւ Հայաստանի դէմ ծանր մեղադրանքներ հնչեցնելու։
Կազմակերպիչները պնդած են, թէ Երեւան կը շարունակէ թաքցնել ականապատուած տարածքներուն ճշգրիտ քարտէսները, ինչ որ, իրենց համաձայն, պատճառ դարձած է պատերազմի աւարտէն ետք շուրջ 500 հոգիի մահուան։
Այս պնդումը, սակայն, կը հակասէ նոյնինքն ազերպայճանական պաշտօնական թիւերուն։ Ազերպայճանի ականազերծման պետական գործակալութիւնը՝ ANAMA-ն, Սեպտեմբեր 2026-ին կը հաղորդէր, թէ 2020-ի Նոյեմբերէն ի վեր ականներու պայթումներուն հետեւանքով սպանուած կամ վիրաւորուած է 437 հոգի։ Աւելին՝ անկախ աղբիւրներով չէ հաստատուած, թէ այդ բոլոր դէպքերը ուղղակի հետեւանք են Հայաստանի տրամադրած քարտէսներուն ենթադրեալ անճշդութեան։
Երեւան, իր կարգին, բազմիցս հերքած է քարտէսները դիտաւորեալ թաքցնելու մեղադրանքը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն, 2021-էն իսկ Պաքուին յանձնուած են ականապատ տարածքներու 972 արձանագրութիւններ, իսկ 2024-ին՝ լրացուցիչ փաստաթուղթեր։ Հայկական կողմը նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է միջազգային մասնագէտներու մասնակցութեամբ ստուգելու անոնց ճշգրտութիւնը։
Ուշագրաւ է նաեւ ցուցահանդէսներուն գանձատրման աղբիւրը։ «Կիլավար» ակումբը 2026-ին դրամաշնորհ ստացած է Ազերպայճանի ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններուն պետական աջակցութեան գործակալութեան եւ Ղարաբաղի վերականգնման հիմնադրամին համատեղ ծրագրով՝ ANAMA-ի գործակցութեամբ։
Այսպէսով, հակառակ նախաձեռնութեան «ոչ-կառավարական» բնոյթին, անոր եւրոպական շրջագայութիւնը կը գանձատրուի ազերպայճանական պետական կառոյցներու աջակցութեամբ։
Ականներու վտանգը անվիճելի մարդասիրական խնդիր մըն է։ Սակայն Եւրոպայի մէջ անոր շուրջ կազմակերպուած այս ցուցահանդէսները կը ծառայեն նաեւ Պաքուի քաղաքական նպատակներուն՝ Հայաստանի նկատմամբ մեղադրանքները տարածելով միջազգային հանրութեան մէջ, մինչ հայկական կողմին՝ խնդրին վերաբերող բացատրութիւնները դուրս կը ձգուին ներկայացուող պատմութենէն։
