Պաքուի մէջ «Աղաբէկեան» մականունը «անհետացաւ»…
Պաքուի մէջ Հոկտեմբեր 15-ին կայացած միջազգային վեհաժողովի մը ընթացքին, Պաղեստինի Արտաքին գործոց հայազգի նախարարուհի Վարսեն Աղաբէկեան Շահին ներկայացուած է առանց իր հայկական մականունին՝ պարզապէս «Վարսեն Շահին» անունով։
Դէպքը պատահած է Ասիոյ մէջ գործակցութեան եւ վստահութեան ամրապնդման միջոցներու խորհրդաժողովի (CICA) 7-րդ վեհաժողովին ընթացքին։ Հրապարակուած տեսագրութեան մասին հաղորդումներուն համաձայն, նախարարուհիին ներկայացման պահուն զանց առնուած է «Աղաբէկեան» մականունը։
Ուշագրաւ է, որ ընդամէնը երկու օր առաջ՝ Հոկտեմբեր 13-ին, ազերպայճանական APA լրատու գործակալութիւնը, ծանուցելով նախարարուհիին Պաքու այցելութիւնը, բացայայտօրէն նշած էր անոր հայկական ծագումը եւ հրապարակած ամբողջական անունը՝ Վարսեն Աղաբէկեան Շահին։
1958-ին Յորդանանի մէջ հայկական ընտանիքի մը յարկին տակ ծնած եւ Երուսաղէմի հայկական թաղամասին մէջ մեծցած Վարսեն Աղաբէկեան Շահին 2024-ին դարձած է Պաղեստինի կառավարութեան առաջին հայազգի նախարարուհին։ Յունիս 2025-էն ի վեր ան կը վարէ Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը։
Պաքուի վեհաժողովին ընթացքին ան անդրադարձած է Կազայի մարդասիրական ծանր կացութեան՝ պահանջելով մնայուն զինադադար, իսրայէլեան ուժերուն հեռացումը եւ Պաղեստինի անկախ պետութեան հաստատումը։
Վեհաժողովին առընթեր Աղաբէկեան Շահին հանդիպում ունեցած է նաեւ Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եիի հետ՝ քննարկելով պաղեստինեան հարցին վերջին զարգացումներն ու երկկողմ յարաբերութիւնները։
Թէ նախարարուհիին հայկական մականունին զանցառումը միտումնաւո՞ր էր, թէ պարզապէս վրիպում, յստակ չէ։ Սակայն դժուար է անուշադրութեան մատնել հակադրութիւնը. երկու օր առաջ ազերպայճանական մամուլին համար այնքան պարզ ու յստակ եղող «Աղաբէկեան» մականունը Պաքուի միջազգային վեհաժողովին բեմէն չէ հնչած։
