Հայաստանի եւրոպական մերձեցումը՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան գործընկերներուն քննութեան տակ
Ռուսաստան, Պելառուս, Ղազախստան եւ Քիրկիզստան Հոկտեմբեր 20-ին հրապարակած են զեկոյց մը, ուր կը քննարկեն Հայաստանի նկատմամբ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) հիմնադիր դաշնագրին գործադրութիւնը ժամանակաւորապէս առկախելու կարելիութիւնը եւ նման քայլի մը տնտեսական հետեւանքները։ Նախաձեռնութիւնը կը զուգադիպի Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու աշխատանքներուն, մինչ Երեւան միաժամանակ կը յայտարարէ, թէ կ՚ուզէ պահպանել իր գործակցութիւնը եւրասիական գործընկերներուն հետ։
Զեկոյցը կը շարունակէ չորս երկիրներու ղեկավարներուն Մայիս 29-ի միացեալ յայտարարութեամբ սկսած գործընթացը։ Անոնք այն ատեն մտահոգութիւն յայտնած էին Հայաստանի եւրոպական ուղղութեան հետեւանքներուն մասին եւ պահանջած՝ ուսումնասիրել ԵԱՏՄ-ի նկատմամբ Երեւանի ստանձնած պարտաւորութիւններուն հետ այդ նոր ուղղութեան համատեղելիութիւնը։
Փաստաթուղթը այժմ պիտի ներկայացուի միութեան հինգ անդամ երկիրներու ղեկավարներուն, որոնց շարքին՝ Նիկոլ Փաշինեանին։ Առայժմ Հայաստանի անդամակցութիւնը առկախելու որեւէ որոշում չէ կայացուած։
Առկախումի կարելիութիւն, բայց իրաւական խոչընդոտներ
Չորս երկիրները կը մտահոգուին մասնաւորաբար Հայաստանի կողմէ եւրոպական չափանիշերու աստիճանական որդեգրումով, որ իրենց համաձայն՝ կրնայ հակասել ԵԱՏՄ-ի կանոններուն եւ խանգարել անոր միացեալ մաքսային դրութեան գործունէութիւնը։
Զեկոյցը, սակայն, կ՚ընդունի, թէ ԵԱՏՄ-ի հիմնադիր դաշնագիրը յստակօրէն չի նախատեսեր անդամ երկիրներու խմբակի մը կողմէ այլ անդամի մը նկատմամբ դաշնագրին գործադրութիւնը առկախելու կարելիութիւնը։
Ուստի չորս երկիրները կը վկայակոչեն միջազգային իրաւունքի դրոյթները, մասնաւորաբար դաշնագրերու իրաւունքին վերաբերող Վիեննայի համաձայնագիրը՝ պնդելով, թէ այդ հիման վրայ կարելի է նման որոշում մը կայացնել։
Ըստ իրենց առաջարկին, առկախումը կրնայ տեւել մինչեւ Հայաստանի մէջ հանրաքուէի մը կազմակերպումը, որպէսզի քաղաքացիները որոշեն՝ շարունակե՞լ ԵԱՏՄ-ի անդամակցութիւնը, թէ՞ ընտրել Եւրոպական Միութեան միանալու ուղին։
Հոկտեմբեր 21-ին Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, թէ Ռուսաստանի նախագահական աշխատակազմը տակաւին չէ ուսումնասիրած զեկոյցը։
Տնտեսական ծանր հետեւանքներու կանխատեսում
Զեկոյցին հեղինակները կը նախատեսեն, որ Հայաստանի նկատմամբ դաշնագրին գործադրութեան առկախումը կրնայ յանգեցնել առեւտուրի զգալի նուազումի, բնական կազի թանկացման եւ ԵԱՏՄ-ի անդամ երկիրներուն մէջ աշխատող հայ քաղաքացիներուն համար նոր սահմանափակումներու։
Անոնց հաշիւներով՝ Հայաստանի համախառն ներքին արդիւնքը (ՀՆԱ — PIB) կրնայ նուազիլ 15,6 առ հարիւր, իսկ ԵԱՏՄ-ի երկիրներուն հետ առեւտուրը՝ 55,6 առ հարիւր։ Բնական կազի գինը կրնայ բարձրանալ 69 առ հարիւր։
Այս թիւերը, սակայն, կանխատեսումներ են՝ հիմնուած ենթադրական պայմաններու վրայ, որոնց ճշգրտութիւնը վիճարկումի առարկայ է։
Հոկտեմբեր 21-ին «ԱՐՔԱ» գործակալութեան փոխանցած իր գնահատականին մէջ, «Ամերիա»-ի կառավարման խորհրդատուական ծառայութեան ղեկավար, տնտեսագէտ Տիգրան Ջրբաշեան հարցականի տակ առած է մասնաւորաբար համախառն ներքին արդիւնքի 15,6 առ հարիւր նուազումին վերաբերող հաշիւները։
Ան յիշեցուցած է, թէ Հայաստանի արտաքին առեւտուրին զգալի մէկ մասը կը կազմեն վերարտածումները, այսինքն՝ արտասահմանէն ստացուած եւ այլ երկիրներ վաճառուած ապրանքները։ Սակայն այդ ապրանքներուն ընդհանուր արժէքը չի համապատասխաներ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ անոնց ստեղծած իրական աւելցուած արժէքին։
Հետեւաբար, ըստ Ջրբաշեանի՝ կարելի չէ առեւտուրի նախատեսուած կորուստները ուղղակի վերածել համախառն ներքին արդիւնքի համարժէք նուազումի։ Ան կը քննադատէ զեկոյցին հաշիւներուն անբաւարար թափանցիկութիւնը՝ միաժամանակ ընդունելով, որ ԵԱՏՄ-ի հետ տնտեսական կապերուն խզումը կրնայ լուրջ դժուարութիւններ յառաջացնել։
Երեւան կը սպասէ զեկոյցի ուսումնասիրութեան
Հոկտեմբեր 21-ին Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարած է, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը կ՚ուսումնասիրէ փաստաթուղթը եւ իր դիրքորոշումը պիտի ճշդէ անոր մանրամասն քննութենէն ետք։
Նախարարը շեշտած է, թէ Երեւան տեղեակ չէ ԵԱՏՄ-ի անդամ երկիրներուն արտօնութիւն տուող իրաւական որեւէ դրոյթի, որով կարելի ըլլայ ուրիշ անդամի մը անդամակցութիւնը առկախել կամ զայն հեռացնել միութենէն։
Հայաստանի իշխանութիւնները մինչեւ հիմա յայտարարած են, թէ մտադիր են շարունակել ԵԱՏՄ-ի հետ տնտեսական գործակցութիւնը, թէեւ կ՚ընդունին, որ երկու տնտեսական միութիւններուն միաժամանակ անդամակցիլը կարելի չէ։
Այս պայմաններուն մէջ, չորս երկիրներուն զեկոյցը նոր հարցումներ կը յարուցանէ ԵԱՏՄ-ի հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն ապագային շուրջ, մինչ երկրին եւրոպական մերձեցման ընթացքն ու անոր գործնական պայմանները տակաւին ամբողջովին չեն ճշդուած։
