Կենսաբազմազանութեան պաշտպանութիւն պատերազմական պայմաններու տակ
Կարելի՞ է պատերազմի ժամանակ պաշտպանել կենսաբազմազանութիւնը։ Այսօր աշխարհի վրայ բազմաթիւ պատերազմներ կը մղուին՝ Ռուսաստանի պատերազմը Ուքրաինայի դէմ, Եւրոպայի սահմաններուն մօտ, Իսրայէլի, Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի մասնակցութեամբ հակամարտութիւնները, որոնց հետեւանքները կը տարածուին նաեւ Եմէնի եւ Սաուտական Արաբիոյ վրայ, ինչպէս նաեւ պատերազմներ Սոմալիոյ, Եթովպիոյ եւ Ափրիկէի այլ երկիրներու մէջ… Մինչ այդ, Երեւանի մէջ կը գումարուի ՄԱԿ-ի կենսաբազմազանութեան COP17 խորհրդաժողովը, որուն նպատակն է կասեցնել կենսաբազմազանութեան կորուստը եւ նպաստել անոր վերականգնումին։ Խորհրդաժողովին նախորդած ղեկավարներու վեհաժողովին մասնակիցները, որոնց շարքին կային նաեւ պատերազմներու մէջ ներգրաւուած պետութիւններու ներկայացուցիչներ, որդեգրեցին Երեւանի հռչակագիրը։ Անիկա կ՚ընդունի, թէ միջազգային ջանքերն ու արձանագրուած յառաջընթացը տակաւին անբաւարար են, ուստի անհրաժեշտ է անյապաղ արագացնել աշխատանքները եւ վերահաստատել Քունմին–Մոնրէալի կենսաբազմազանութեան համաշխարհային համաձայնութեան յանձնառութիւնները, որոնց նպատակն է մինչեւ 2030 կասեցնել եւ շրջել կենսաբազմազանութեան անկման ընթացքը, իսկ մինչեւ 2050՝ ապահովել բնութեան հետ ներդաշնակ գոյակցութիւն։
Ահա կարգ մը մեծ տէրութիւններու քաղաքական վերնախաւերուն անհեթեթ ու հակասական գործունէութեան զաւեշտալի պատկերը։ Մէկ կողմէ՝ որոշումներ կ՚ընդունին կենսաբազմազանութեան պահպանութեան եւ բնութեան հետ ներդաշնակ ապրելու մասին, իսկ միւս կողմէ՝ միլիառներ կը յատկացնեն աւելի ու աւելի կատարելագործուած զէնքեր արտադրելու, պատերազմներ մղելու, քանդելու, մահ ու սուգ սփռելու եւ բնութեան հաւասարակշռութիւնը խախտելու համար։
Արդէն սովորական պայմաններու մէջ գիտական եւ արհեստագիտական յառաջդիմութիւնը նպաստած է սպառողական հասարակութիւններու զարգացման՝ անոնց ամէն օր հրամցնելով նոր գործիքներ, մեքենաներ եւ նորարար սարքեր՝ պատրաստուած մետաղէ, կերպընկալէ եւ արհեստական այլ նիւթերէ։ Անոնց արտադրութիւնը, ձեռքբերումը եւ գործածութենէ ետք ոչնչացումը ծանր հետեւանքներ կ՚ունենան բնութեան վրայ։ Սպառողական հասարակութիւնները շատ աւելի թափօն կ՚արտադրեն, քան կրնան վերամշակել։ Իսկ պատերազմական պայմաններու մէջ աւելի ու աւելի կատարելագործուած ռումբերու, հրթիռներու եւ ականներու պայթումները կ՚ոչնչացնեն ամբողջական բնական միջավայրեր, կը քանդեն բնակավայրեր, հսկայական քանակութեամբ բեկորներ ու թափօններ կը գոյացնեն, մարդկային կորուստներու եւ բնակչութեան տեղահանութեան պատճառ կը դառնան։ Վերջին հաշուով՝ այս աւերածութիւնները երկարատեւ վնաս կը հասցնեն կենսաբազմազանութեան։
COP17-ի ծիրէն ներս Հայաստան, իր սեփական փորձառութեամբ վկայեց պատերազմի եւ կենսաբազմազանութեան պահպանութեան անհամատեղելիութեան մասին։ Հոկտեմբեր 16-ին, ղեկավարներու վեհաժողովին ընթացքին կազմակերպուած քննարկումի մը մասնակցելով, վարչապետ Փաշինեան անդրադարձաւ Արցախեան առաջին պատերազմին եւ 1990-ականներու ուժանիւթի տագնապին հետեւանքներուն։ Ան յիշեց Սեւանայ լիճին ձկնային պաշարներուն սպառման վտանգը, ինչպէս նաեւ վառելանիւթի պակասին պատճառով ջեռուցման համար կատարուած զանգուածային անտառահատումները, որոնք ծանր վնաս հասցուցած էին Հայաստանի բնական միջավայրին։
Արցախեան առաջին պատերազմին գործածուած զէնքերուն աւերիչ կարողութիւնը կարելի չէ համեմատել այսօրուան պատերազմներուն մէջ կիրարկուող միջոցներուն հետ։ Այդուհանդերձ, անոր եւ այդ տարիներու տագնապին պատճառած բնապահական վնասներուն հետքերը մինչեւ այսօր զգալի են Հայաստանի մէջ։ Իսկ ներկայիս՝ Ուքրաինայի եւ Ռուսաստանի միջեւ, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ մղուող պատերազմները անհամեմատ աւելի մեծ ծաւալի աւերածութիւններ կը պատճառեն։ Բաւական է նկատի առնել քարիւղի զտարաններու ռմբակոծումներուն հետեւանքով ծագած հրդեհները կամ ծովուն մէջ քարիւղատար եւ այլ բեռնատար նաւերու պայթումներուն յառաջացուցած ապականումն ու վնասները՝ ըմբռնելու համար այսօրուան բնապահական աղէտներուն տարողութիւնը։
Կենսաբազմազանութեան պահպանութեան պայքարը ամէնօրեայ պայքար մըն է, որ պէտք չէ միայն կառավարութիւններուն մենաշնորհը մնայ։ Բնապահները, հասարակական գործիչները, մտաւորականներն ու քաղաքացիական հասարակութեան այլ ներկայացուցիչներ նոյնպէս պէտք է մասնակցին այդ պայքարին։ COP17 խորհրդաժողովին Հայաստանի մէջ կայացումը մեծ յաղթանակ մըն է հայկական դիւանագիտութեան համար։ Դեռ երէկ՝ 2020-ի պարտութենէն ետք, երկիրը կը գտնուէր Ազերպայճանի լայնածաւալ յարձակման սպառնալիքին տակ։ Իսկ վեց տարի ետք, ՄԱԿ-ի միջազգային կարեւորագոյն խորհրդաժողովներէն մէկը կը գումարուի Երեւանի մէջ։
Ժ.Չ. ■
