Զօրավիգ կանգնիլ «Նոր Յառաջ»−ին
«Նոր Յառաջ»-ի 17-րդ տարեդարձին առթիւ HelloAsso հարթակին վրայ կը մեկնարկենք «Nor Haratch – Nouvel élan» դրամահաւաքի արշաւը։ Նպատակն է ընդլայնել թերթիս լրատուական դաշտը, աւելի ճոխ բովանդակութիւն հրամցնել՝ ընթերցողներուն լրատուական պահանջները բաւարարելու, ֆրանսահայ մշակութային կեանքին աւելի լայնօրէն արձագանգելու, Հայաստան-Սփիւռք եւ Ֆրանսա-Եւրոպա-Հայաստան յարաբերութիւններուն մասին հաւասարակշռուած տեղեկատւութիւն տարածելու համար։ Մեր ընթերցողներէն կը խնդրենք, որ մասնակցին արշաւին եւ զայն տարածեն իրենց շրջապատին մէջ։
Արդարեւ, 17 տարի առաջ՝ 2009 Հոկտեմբեր 27-ին լոյս կը տեսնէր «Նոր Յառաջ»-ի առաջին թիւը։ Շատերու համար արկածախնդրութեան համազօր նախաձեռնութիւն մըն էր։ Խումբ մը երիտասարդներ, առանց հասարակական լայն ճանաչում ունենալու, առանց քաղաքական կամ բարեսիրական որեւէ ուժէ կախեալ ըլլալու, յանդգնեցան «Յառաջ»-ի ժառանգորդը դառնալ՝ նոյնիսկ Արփիկ Միսաքեանը անակնկալի բերելով։
«Նոր Յառաջ»-ի առջեւ ցցուած մարտահրաւէրները, որոնք դուրսէն դիտող շատերու համար մեծ ու անյաղթահարելի կ՚երեւէին, գործնականին մէջ, գոնէ մասամբ, սպասուածէն աւելի դիւրութեամբ լուծուեցան, որովհետեւ ի յայտ եկաւ հաւաքական գիտակցութեան տէր՝ «Յառաջ»-ի հաւատարիմ մեկենասներու եւ մտաւորականներու խմբակ մը, որ հարթեց «Նոր Յառաջ»-ի ծննդեան շրջանի ճամբան։ Կը բաւէր դիմել այդ գիտակից անձերուն, որպէսզի ընդառաջէին։ Շատեր նոյնիսկ ինքնաբուխ կերպով իրենց օգնութիւնը կ՚առաջարկէին։ «Նոր Յառաջ»-ի գոյութիւնը կը պարտինք ֆրանսահայ համայնքի եւ սփիւռքահայ մտաւորականութեան այն յառաջատար անձերուն, որոնք հայկականութեան գիտակցութեամբ տոգորուած էին։ Անոնց մէջ կային ընկերակցութիւններու պատասխանատուներ, որոնց համար հայկական մամուլի գոյութիւնը անհրաժեշտ էր՝ համայնքային մշակութային գործունէութեան լրատւութիւնը ապահովելու համար։
Կար նաեւ ընթերցողներու մեծ զանգուած մը, որ ցաւով ապրեցաւ «Յառաջ»-ի հրատարակութեան կասեցումը։ Անոնց համար երջանկութիւն էր վերստին ունենալ հայութեան վերաբերող ամէնօրեայ լուրերը հայերէնով ընթերցելու կարելիութիւնը։
«Նոր Յառաջ»-ով կը շարունակուէր «Յառաջ»-ի՝ արեւմտահայերէն, դասական ուղղագրութեամբ հրատարակուող անկախ սփիւռքահայ մամուլի աւանդութիւնը, որուն վրայ աւելցաւ ֆրանսերէնով «NH Hebdo»-ի շաբաթօրեայ հրատարակութիւնը, իսկ հետագային՝ կայքէջն ու ընկերային ցանցերը… Ծննդեան շրջանին, հիներէն մեզի փոխանցուած ժառանգութիւնը ստանձնելու նպաստաւոր պայմանները մարտահրաւէրէ մը աւելի՝ օրհնութեան նման բան մըն էին։ Սակայն բուն մարտահրաւէրը կը կայանար նոր ժամանակներուն հետ քայլ պահելու, լրատուական դաշտի արհեստագիտական նորարարութիւնները խմբագրական աշխատանքին ծառայեցնելու եւ, անշուշտ, երիտասարդ սերունդին հետ հաղորդակցելու միջոցներ գտնելու մէջ։ Թուայնացման ու ընկերային ցանցերու դարաշրջանը իսկապէս լուրջ մարտահրաւէր մըն է։ Այս կալուածին մէջ կատարուելիք աշխատանքը մեծ է, իսկ պահանջները՝ մշտապէս փոփոխուող։
Անցեալ երեք տարիներու ընթացքին «Նոր Յառաջ» բախեցաւ ընթերցողներու երկփեղկումին՝ Արցախեան վերջին պատերազմին հետեւանքով։ Ընթերցողներ եւ կարգ մը նուիրատուներ, յուսահատութեան մատնուած, ընկրկեցան։ Սակայն Փարիզի մէջ կազմակերպուած հանրային հանդիպումի մը ընթացքին «Նոր Յառաջ»-ին զօրակցողներու նոր ալիք մը ի յայտ եկաւ, որմէ քաջալերուած՝ HelloAsso հարթակին վրայ դրամահաւաքի արշաւ մը կազմակերպեցինք։ Եւ ահա այսօր երրորդ արշաւն է, որ կը մեկնարկենք։
Անցեալին թերթը կ՚ապրէր մեծ մասամբ իր ընթերցողներուն շնորհիւ, որոնք կ՚ապահովէին տարեկան ծախսերուն գրեթէ 70 տոկոսը։ Ներկայիս այդ բաժինը կիսուած է եւ, բնականաբար, նուիրատւութիւններու բաժինը մեծցած է։ Միւս կողմէ, ինչպէս իւրաքանչիւր քաղաքացի ալ կը նկատէ, կեանքի սղութիւնը կրկնապատկած է ծախսերը։ Հին աշխարհակարգը խախտած է, նոր մը կը ձեւաւորուի, որուն մէջ լրատւութիւնը իր տեղն ունի։ Հայկական լրատւութիւնն ալ ունի իր իւրայատուկ տեղը, որուն բացը տեղական որեւէ լրասփիւռ չի կրնար լրացնել։ Ոչ ալ հայաստանեան լրասփիւռները կրնան փոխարինել սփիւռքահայ լրատւութիւնը։
Խմբագրութեանս կոչն է՝ զօրավիգ կանգնիլ «Նոր Յառաջ»-ին։
Ժ.Չ. ■
