Հայաստան եւ Ազերպայճան ձեռնպահ կը մնանԵւրոպական քաղաքական համայնքի հռչակագիրը ստորագրելէ
Անցեալ Մայիսին էր, որ Երեւանի մէջ գումարուեցաւ Եւրոպական քաղաքական համայնքի (ԵՔՀ) 8-րդ վեհաժողովը։ Համայնքին նպատակն է ժողովրդավարութեան դիմակայունութեան հզօրացումը, ինչպէս նաեւ եւրոպական պետութիւններու միջեւ հաղորդակցական կապերու ամրապնդումն ու անոնց տնտեսական եւ ուժանիւթային անվտանգութեան ապահովումը։ ԵՔՀ-ի այս հանդիպման ընթացքին, Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ, իշխանութեան կուսակցութեան ի նպաստ կոչեր հնչեցին, այն պայմաններուն մէջ, մինչ Ռուսաստան պատժամիջոցներ կը կիրարկէր հայկական ապրանքներուն նկատմամբ։ Փաշինեան յաղթական դուրս եկաւ ընտրութիւններէն, սակայն Ռուսաստանի հետ առճակատումը շարունակուեցաւ։
Տապլինի մէջ գումարուած ԵՔՀ-ի նոյեմբերեան վեհաժողովին, եւրոպացիները վերստին իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին Հայաստանին՝ Ռուսաստանի գործադրած տնտեսական եւ քաղաքական ճնշումներուն դէմ-յանդիման։
Վեհաժողովի ծիրէն ներս, Փաշինեանի հետ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանին աջակցող կեդրոնական խումբը, որ կը բաղկանար Էսթոնիայէն, Ֆրանսայէն, Լատվիայէն, Լիթուանիայէն, Միացեալ Թագաւորութենէն եւ ԵՄ-ի բարձր ներկայացուցիչէն։ Անոնց միացան Գերմանիան, Նետերլանտները, Նորվեկիան, Լեհաստանն ու Շուէտը, ինչպէս նաեւ Եւրոպական խորհուրդի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահները։ Համատեղ յայտարարութեամբ մը անոնք վերահաստատեցին իրենց աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան։ Դատապարտեցին Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ի վեր սաստկացող ռուսական ճնշումները, ներառեալ հայկական արտածումներուն նկատմամբ հաստատուած աննախադէպ սահմանափակումներն ու ուժանիւթը ահաբեկման միջոց դարձնելու սպառնալիքները։ Յիշեցուցին հայկական արտածումներու 80 տոկոսին վրայ գանձուող մաքսատուրքերը կասեցնելու ԵՄ-ի որոշումը։ Եւ վերջապէս, իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան գործընթացին եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման։
Փաշինեան եւ Ալիեւ հանդիպեցան 2026 Նոյեմբեր 12-ին՝ վեհաժողովի ծիրէն ներս։ Երկու կողմերը հրապարակեցին առանձին, սակայն բովանդակութեամբ համընկնող հաղորդագրութիւններ, որոնց մէջ կը նշուէր, թէ քննարկումները հիմնուած էին 2025-ի Օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ կայացած հանդիպման արդիւնքներուն վրայ։ Հոն Պաքու եւ Երեւան ստորագրած էին համատեղ հռչակագիր մը եւ նախաստորագրած՝ խաղաղութեան համաձայնագիրը։
Թէեւ Ալիեւ կը մերժէ ստորագրել Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը, ան կը շարունակէ բանակցութիւնները TRIPP-ի («Թրամփի ճանապարհ») շուրջ։ Երկու ղեկավարները քննած են այս ճանապարհին երկաթուղային եւ ցամաքային հատուածներու ծրագրաւորման ու նախագծման աշխատանքները։ Անոնք ողջունած են ապրանքներու տարանցիկ փոխադրութիւնը, որուն շնորհիւ 2025 Նոյեմբերէն ի վեր 105 հազար թոն ապրանք Ազերպայճանի տարածքէն անցնելով հասած է Հայաստան։ Քննարկած են նաեւ ելեկտրական ցանցերու յառաջիկայ փոխկապակցման եւ անդրսահմանային գետերու կառավարման աշխատանքային խումբեր ստեղծելու հարցերը։
Ուշագրաւ կէտ մը. Տապլինի վեհաժողովի աւարտին 41 պետութիւն ստորագրեց «Եւրոպական անվտանգութեան հիմնական սկզբունքներու մասին» հռչակագիրը, որ մասնաւորապէս կը վերաբերի Ուքրաինայի ցուցաբերուող աջակցութեան։ Հայաստան եւ Ազերպայճան, սակայն, ձեռնպահ մնացին զայն ստորագրելէ։
Ժ.Չ. ■

