Կենսաբազմազանութեան COP17−ի երեւանեան համաժողովին գնահատականը

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Հոկ­տեմբեր 31-ին աւար­տե­ցաւ ՄԱԿ-ի կեն­սա­բազ­մա­զանու­թեան COP17-ի երեւանեան հա­մաժողո­վը։ COP17-ի նա­խագա­հը՝ ՀՀ Շրջա­կայ մի­ջավայ­րի նա­խարար Համ­բարձում Մա­թեւո­սեան, դրա­կան գնա­հատեց ձեռքբե­րումնե­րը. «Այս եր­կու շա­բաթ­նե­րուն ըն­թացքին ցոյց տուինք, որ կա­րելի է յաղ­թա­հարել տա­րա­կար­ծութիւննե­րը, յանձնա­ռու­թիւն­նե­րը կրնան որո­շումնե­րու վե­րա­ծուիլ, եւ հա­մագոր­ծակցու­թիւնը կրնայ ար­դիւնք տալ»։

Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թեան հա­մաձայն՝ COP17-ի առ­թիւ 196 եր­կիրնե­րէ շուրջ 15 հա­զար մի­ջազ­գա­յին այ­ցե­լու­ներ Հա­յաս­տան եկան՝ նե­րառեալ դի­տորդնե­րը, լրագ­րողնե­րը, ըն­կե­րա­կից­ներն ու հա­ւատար­մագրուած պա­տուի­րակ­նե­րը։

Հա­յաս­տան հա­ւաքուած պա­տուի­րակ­նե­րը հա­մաձայ­նութեան եկան ճա­նա­պար­հա­յին քար­տէ­սի մը շուրջ՝ բնու­թեան ի նպաստ գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը արա­գաց­նե­լու հա­մար։ Անոնք ըն­դու­նե­ցին «Երե­ւանեան ու­ղի» (Yerevan Pathway) հա­մաձայ­նութիւ­նը, որ կը սահ­մա­նէ մին­չեւ 2030 թուակա­նը առաջ­նա­հեր­թութիւննե­րը՝ իրա­գոր­ծե­լու Քունմինկ-Մոնրէալի կեն­սա­բազ­մա­զա­նու­թեան հա­մաշ­խարհա­յին շրջա­նակ-համաձայնագրի 23 թի­րախ­նե­րը։ Երե­ւանեան ու­ղին կոչ կ՚ուղղէ մաս­նա­կից եր­կիրնե­րուն՝ լու­ծե­լու բնու­թեան վնաս հասցնող նպաստնե­րու հար­ցը եւ աւելցնե­լու զար­գա­ցող եր­կիրնե­րուն տրա­մադ­րուող ֆի­նան­սա­կան, գի­տական եւ ար­հեստա­գիտա­կան օժան­դա­կու­թիւնը։

Նախատեսուեցաւ նաեւ կեն­սա­բազ­մա­զանու­թեան գանձատր­ման հա­մար մօ­տաւո­րապէս 2 մի­լիառ տո­լարի յատ­կա­ցում մը։ Սա­կայն միշտ չէ, որ նման հա­մաժողովնե­րու որո­շումնե­րը կը կի­րար­կուին ըստ նա­խատե­սուա­ծին, ինչպէս Կեն­սա­բանա­կան բազ­մա­զանու­թեան մա­սին հա­մաձայ­նագրի (CBD) գոր­ծա­դիր քար­տուղար Ասթրիտ Շո­մաքեր շատ ար­դա­րօրէն նշեց. «Վեր­ջին հա­շուով, փոր­ձա­քարը այն չէ, թէ կա­ռավա­րու­թիւննե­րը ի՛նչ ըն­դունե­ցին Երե­ւանի մէջ, այլ այն, թէ ի՛նչ պի­տի փո­խեն իրենց եր­կիրնե­րը վե­րադառ­նա­լէ ետք»։ Ան աւել­ցուց նաեւ. «Չենք կրնար պաշտպա­նել բնու­թիւնը՝ միաժա­մանակ շա­րու­նա­կելով գանձատրել անոր կոր­ծա­նու­մը»։ Ան կոչ ուղղեց, որ «ազ­գա­յին պիւտճէ­ները եւ տնտե­սական որո­շումնե­րը պատշաճեցուին ըն­դունուած որո­շումնե­րու շրջա­նակին, եւ զօ­րացուին վե­րահսկո­ղու­թիւնն ու տե­ղեկագ­րումը»։

COP17-ի ըն­թացքին գանձատր­ման հարցն ալ լա­րումի առանցք դար­ձաւ։ Հա­րուստ եր­կիրնե­րը չյար­գե­ցին մին­չեւ 2025 թուակա­նը բնու­թեան պահ­պա­նու­թեան հա­մար տա­րեկան 20 մի­լիառ տո­լար հայ­թայթե­լու իրենց խոս­տումը։ Ամէնէն վի­ճելի հար­ցը նուիրա­տու եր­կիրնե­րու ցան­կին ընդլայ­նումն էր՝ անոր մէջ ընդգրկե­լու հա­մար նաեւ Չի­նաս­տա­նի, Սաու­տա­կան Արա­բիոյ, Քա­թարի եւ Հնդկաս­տա­նի նման զար­գա­ցող տնտե­սու­թիւններ ու­նե­ցող եր­կիրներ։ Ի վեր­ջոյ որո­շուե­ցաւ, որ մին­չեւ COP18 ոչ մէկ եր­կիր պի­տի աւել­ցուի այդ ցան­կին՝ առանց իր հա­մաձայ­նութեան։

COP17-ի Երե­ւանի մէջ կա­յացու­մը Հա­յաս­տա­նի հա­մար տնտե­սական եւ քա­ղաքա­կան առու­մով մեծ նշա­նակու­թիւն ու­նեցաւ։ Ար­դա­րեւ, շուրջ 15 հա­զար այ­ցե­լու­նե­րու ըն­դունե­լու­թիւնը եր­կու շա­բթուան ըն­թացքին եկա­մու­տի կա­րեւոր աղ­բիւր եղաւ Երե­ւանի պան­դոկնե­րուն, հիւ­րա­տու­նե­րուն, ճա­շարան­նե­րուն եւ փո­խադ­րութեան ծա­ռայու­թիւննե­րուն հա­մար։ Մաս­նա­կից­նե­րէն շա­տեր քա­նի մը օր եր­կա­րաձ­գե­ցին իրենց կե­ցու­թիւնը՝ Հա­յաս­տա­նի տե­սար­ժան վայ­րե­րուն ծա­նօթա­նալու հա­մար։ COP17-ի շնոր­հիւ Հա­յաս­տան դար­ձաւ մի­ջազ­գա­յին զբօ­սա­շրջու­թեան աւե­լի տե­սանե­լի վայր մը։ Ինչպէս յայ­տա­րարեց վար­չա­պետ Փա­շինեան, այս հա­մաժողովը ամ­րապնդեց Հա­յաս­տա­նի մի­ջազ­գա­յին համ­բա­ւը։

Բազ­մա­թիւ պա­տուի­րակ­ներ բարձր գնա­հատե­ցին հայ­կա­կան նա­խագա­հու­թեան կազ­մա­կերպչա­կան աշ­խա­տան­քը։ Ի տար­բե­րու­թիւն Քա­լիի մէջ կա­յացած COP16-ին՝ COP17-ի բո­լոր փաս­տա­թուղթե­րը որ­դեգրուեցան։

Բնա­կանա­բար, եղան նաեւ քննա­դատու­թիւններ։ Հա­մաժողովէն մէկ շա­բաթ առաջ Ամուլսա­րի ոս­կիի հան­քին գոր­ծարկու­մը դա­տապար­տուեցաւ բնա­պահ­ գոր­ծիչնե­րու կող­մէ։ Ար­ցա­խի հարցն ալ բո­ղոքի առիթ տուաւ. տե­ղի ու­նե­ցաւ ցոյց մը, որուն մաս­նա­կից­նե­րը կոչ ուղղե­ցին հա­մաժողովին մաս­նակցող եր­կիրնե­րուն՝ երաշ­խա­ւորե­լու Ար­ցա­խի հա­յերուն վե­րադար­ձը։

2026 թուակա­նը բա­րեբեր եղաւ Հա­յաս­տա­նի հա­մար, որ հիւ­րընկա­լեց եր­կու կա­րեւոր մի­ջազ­գա­յին իրա­դար­ձութիւն՝ նախ Եւ­րո­պական քա­ղաքա­կան հա­մայնքի վեհա­ժողո­վը, ապա COP17-ը։ Եկող ամ­ռան կը սպա­սուի նաեւ Ֆրան­սախօսութեան մի­ջազ­գա­յին խա­ղերու կա­յացու­մը։ Բա­ցառիկ առիթ­ներ, որոնք կը բարձրաց­նեն Հա­յաս­տա­նի մի­ջազ­գա­յին քա­ղաքա­կան վար­կը եւ կը նպաստեն անոր զբօ­սաշրջա­յին գրաւ­չութեան։

Ժ.Չ. ■