Akunq.net-ի համաձայն՝ Մալաթիայէն Ֆըրաթ Սարոյեան Դիմագիրքի իր էջին գրառումով հաղորդած է, թէ Փետրուարին տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժերէն շրջանի հին հայկական թաղամասի տուները գրեթէ չեն վնասուած։
Ան աւելցուցած է, որ Մալաթիոյ մէջ 150-200 տարի առաջ հայ վարպետներու կողմէ կառուցուած աղիւսէ տուները կանգուն մնացած են, մինչ՝ նորակառոյց շինութիւններու մեծ մասը փլած է։