Գործածեցինք ամբարտաւանութիւն որակումը, ի բացակայութիւն հզօրագոյնին։
Գերմանիոյ մէջ Ազերպայճանի դեսպան Նասիմի Աղաեւ Թուիթըրի հաշիւին տեղադրած է իր «ամենակալ»-ին՝ Ալիեւի հետեւեալ խօսքերը, որոնք որակումի որեւէ փորձ ձախողութեան կը դատապարտեն. ինչպէս Ֆրանսացին պիտի ըսէր՝ « hors concours » են։ Ստորեւ Աղաեւի տեղադրած պատգամը։ Դո՛ւք դատեցէք.
«Նախագահ Ալիեւ. “Մենք կոչ կ՚ընենք Ֆրանսայի կառավարութեան յարգելու Նոր Գալետոնիոյ ժողովուրդին եւ այլ ժողովուրդներու իրաւունքները ֆրանսական անդրծովեան համայնքներուն եւ տարածքներուն մէջ”»: