Հայ մարմնամարզիկներու բացառիկ յաջողութիւնը Ռոթերտամի մէջ

Արթուր Դաւթեան

Արթուր Դաւթեան

Արթուր Դաւթեան երկրորդ անգամ ըլլալով նուաճեց աշխարհի ախոյեանութիւնը

Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ Արթուր Դաւթեան երկրորդ անգամ ըլլալով աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը նուաճեց՝ յաղթելով Նետերլանտներու Ռոթերտամ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած մարմնամարզութեան աշխարհի ախոյեանութեան յենացատկի մրցումին։

Կիրակի, Հոկտեմբեր 25-ին տեղի ունեցած եզրափակիչին Դաւթեան իր երկու ցատկերուն ձեռք ձգեց 14,850 միաւորի միջին գնահատական՝ գրաւելով առաջին դիրքը եւ արժանանալով ոսկեայ մետալի։ Երկրորդ հանդիսացաւ Մեծն Բրիտանիոյ ներկայացուցիչ Ճէյք Ճարման՝ 14,650 միաւորով, իսկ երրորդ՝ Նորվեկիոյ ներկայացուցիչ Սեպասթիան Սփոնեւիք՝ 14,366 միաւորով։

Ողիմպիական խաղերու արծաթեայ եւ պրոնզեայ մետալակիր Դաւթեան առաջին անգամ աշխարհի ախոյեան դարձած էր 2022-ին։

Անոր յաղթանակով Հայաստանի հաւաքականը աւարտեց աշխարհի ախոյեանութիւնը չորս մետալով՝ երկու ոսկեայ եւ երկու պրոնզեայ, արձանագրելով հայկական մարմնամարզութեան պատմութեան լաւագոյն արդիւնքներէն մէկը։

Համլէտ Մանուկեան եւս նուաճեց ոսկեայ մետալ

Արդարեւ, նախորդ օրը՝ Հոկտեմբեր 24-ին, Համլէտ Մանուկեան ոսկեայ մետալ նուաճած էր նժոյգի վարժութեան մէջ՝ դառնալով այս մրցաձեւին Հայաստանի առաջին աշխարհի ախոյեանը։ Նոյն մրցումին Մամիկոն Խաչատրեան արժանացած էր պրոնզեայ մետալի, իսկ Եւրոպայի ախոյեան Արթուր Աւետիսեան՝ օղակներու վրայ կատարած վարժութեան համար՝ պրոնզեայ մետալի։