Բռունցքներ, աթոռներ ու շիշեր՝Հայաստանի խորհրդարանին մէջ

Ծեծկռտուք

Ծեծկռտուքին հետեւանքով երեսփոխաններ վիրաւորուած են

Հայաստանի Ազգային ժողովը Հոկտեմբեր 29-ին բուռն բախումներու թատերաբեմ դարձած է։ Իշխանութեան եւ ընդդիմադիր երեսփոխաններու միջեւ ծագած բանավէճը վերածուած է ծեծկռտուքի, որուն ընթացքին բռունցքի հարուածներ փոխանակուած են, աթոռներ ու շիշեր նետուած։ Միջադէպին հետեւանքով երեսփոխաններ վիրաւորուած են. խորհրդարան շտապօգնութեան ինքնաշարժ մը հասած է։

Միջադէպը պատահած է Հաշուեքննիչ պալատի անդամի ընտրութեան շուրջ քննարկումներուն ընթացքին։ Իշխանութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան երեսփոխան Տարօն Չախոյեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է ընդդիմադիր «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեանի ընտանիքի անդամներուն՝ յիշեցնելով անոր հօրեղբօր որդիին՝ կիներու գոհացման յատուկ նախարարութիւն ստեղծելու մասին յայտարարութիւնը, որուն համար տակաւին ներողութիւն չէ խնդրած։

Կարապետեան իր տեղէն հակադարձած է Չախոյեանին, ապա մօտեցած ամպիոնին։ Բանավէճը շուտով սաստկացած է եւ երկու խմբակցութիւններու երեսփոխանները հաւաքուած են դահլիճին կեդրոնը, ուր սկսած են հրմշտուքն ու ծեծկռտուքը։

Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան սկզբնապէս մերժած է ընդմիջել նիստը՝ յայտարարելով, թէ կ՚ուզէ, որ բոլորը տեսնեն, թէ ի՛նչ կը պատահի դահլիճին մէջ։

Սակայն բախումները հետզհետէ սաստկացած են։ Հրապարակուած տեսանիւթերուն մէջ կ՚երեւի, թէ ինչպէ՛ս Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահագն Ալեքսանեան աթոռ մը կը նետէ ընդդիմադիր երեսփոխաններուն ուղղութեամբ։ Ծեծկռտուքին ընթացքին վնասուած է նաեւ դահլիճին գոյքը։

Ըստ լրասփիւռներու՝ «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխան Անդրանիկ Գէորգեանի քիթէն արիւն հոսած է, իսկ անոր խմբակից Ռուբէն Մխիթարեանի հագուստը պատռուած է։

Ի վերջոյ Ռուբինեան ստիպուած եղած է ընդմիջելու նիստը եւ ապահովութեան աշխատակիցները դահլիճ հրաւիրելու։ Վիճաբանութիւնը շարունակուած է նաեւ խորհրդարանի միջանցքներուն մէջ։

Նիստին վերսկսելէն ետք Ռուբինեան միջադէպին գլխաւոր պատասխանատուն նկատած է Նարեկ Կարապետեանը՝ պնդելով, թէ անոր հակազդեցութիւնն է, որ ծեծկռտուքին պատճառ դարձած է։ Ընդդիմադիր երեսփոխանները, իրենց կարգին, մեղադրած են խորհրդարանի նախագահը՝ ժամանակին չմիջամտելով եւ բախումը չկանխելով։

Հայաստանի Մարդկային իրաւանց պաշտպան Անահիտ Մանասեան խստօրէն դատապարտած է կատարուածը՝ շեշտելով, որ խորհրդարանը ժողովրդավարական քննարկումներու վայր պէտք է ըլլայ եւ ոչ թէ «մարտադաշտ»։ Ան պահանջած է, որ միջադէպը պատշաճ քննութեան ենթարկուի։