Մեծամօրի մէջ՝ ոսկեայ զարդեր եւ Օգոստոս կայսեր պատկերով արծաթեայ դրամ

Գտածոներ 2

Հայաստանի Արմաւիրի մարզին մէջ գտնուող Մեծամօրի հնավայրին պեղումները նոր ու արժէքաւոր յայտնագործութիւններու յանգած են։ Հնագէտները յայտնաբերած են ոսկեայ օղեր, ոսկեայ կոճակ մը, պրոնզէ դաշոյն եւ Հռոմի առաջին կայսր Օկտաւիանոս Օգոստոսի պատկերով արծաթեայ դրամ մը։

Այս մասին տեղեկացուցած է Հայաստանի Պատմական միջավայրի պահպանութեան եւ արգելոց-թանգարաններու ծառայութիւնը։ Գտածոներուն անդրադարձած է նաեւ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան։

2024-ին սկսած եւ այս տարի շարունակուած պեղումները տեղի կ՚ունենան Մեծամօրի պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանին կից՝ սեփական հողատարածքի մը վրայ։ Հնագէտները կ՚ուսումնասիրեն տուֆէ եւ պազալթէ կառուցուած ընդարձակ դամբարան մը, որ շրջապատուած է շուրջ 20 մեթր տրամագիծով շրջանաձեւ քարաշարով։ Անոր կեդրոնին կը գտնուի մօտ վեց մեթր երկարութեամբ եւ չորս մեթր լայնութեամբ թաղման խուց մը։

Դամբարանին վերին շերտին մէջ, նախորդ տարիներու պեղումներուն ընթացքին, յայտնաբերուած է Քրիստոսէ ետք առաջին դարուն պատկանող կմախք մը՝ ոսկեայ զարդերով եւ այլ թանկարժէք իրերով։ Այդ ժամանակաշրջանին կը պատկանի նաեւ Օկտաւիանոս Օգոստոսի պատկերով արծաթեայ դրամը։ Հռոմի առաջին կայսրը իշխանութեան գլուխ գտնուած է Ք.ա. 27-էն մինչեւ Ք.ե. 14 թուականը։

Այս տարուան պեղումները ի յայտ բերած են աւելի հին շերտեր։ Անոնցմէ մէկուն մէջ գտնուած է Երկաթի դարաշրջանին պատկանող մարդու մը գերեզմանը՝ բազմաթիւ խեցեղէն իրերով։ Իսկ դամբարանին յատակին մօտ հնագէտները յայտնաբերած են ամենահին թաղման հետքերը, որոնք կը պատկանին ուշ պրոնզի դարաշրջանին՝ Ք.ա. 14-13-րդ դարերուն։

Այդտեղ գտնուած են լճաշէնեան տիպի պրոնզէ դաշոյն մը, ձիու բազմաթիւ ոսկորներ, խեցեղէնի բեկորներ, գօտիի մասեր, պրոնզէ իրեր եւ զանգակաձեւ կախազարդեր։

Գտածոներուն պատկանած տարբեր դարաշրջանները ցոյց կու տան, որ նոյն դամբարանը դարերու ընթացքին բազմիցս գործածուած է։

Հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող հնավայր մը

Մեծամօրը կը գտնուի Արարատեան դաշտին մէջ, Տարօնիկ գիւղին մօտ, Երեւանէն շուրջ 35 քիլոմեթր հարաւ-արեւմուտք։ Հնագոյն բնակութեան հետքերը կը հասնին մինչեւ Ք.ա. չորրորդ հազարամեակ, իսկ բնակավայրը, ընդմիջումներով, գոյատեւած է մինչեւ միջնադար։

Հնավայրին մասին առաջին տեղեկութիւնները տուած է Մխիթարեան միաբան Հայր Ղեւոնդ Ալիշան՝ 1890-ին հրատարակուած իր «Այրարատ» աշխատութեան մէջ։ Կանոնաւոր հնագիտական պեղումները սկսած են 1965-ին։

Մեծամօր յայտնի է իր հնագիտական ոսկեայ իրերու հարուստ հաւաքածոյով։ Նախապէս հոն գտնուած են նաեւ Ք.ա. 16-15-րդ դարերուն պատկանող բաբելոնեան ագաթէ կշռաքար մը՝ գորտի կերպարանքով, եւ եգիպտական պատկերագրերով փորագրուած սարդոնիքսէ կնիք մը։ Հնավայրին կարեւոր յուշարձաններէն են հնագոյն մետաղաձուլարանը եւ հարթակ մը, որ կ՚ենթադրուի թէ աստղագիտական դիտարկումներու համար գործածուած ըլլալու է։

Իր ծաղկման շրջանին՝ Ուշ պրոնզի եւ Երկաթի դարաշրջաններուն, Մեծամօրը տարածուած էր շուրջ 100 հեկտարի վրայ։ Անոր ամրացուած միջնաբերդը, Մեծ բլուրին վրայ, պաշտպանուած էր հսկայական քարերով կառուցուած պարիսպներով։ Ք.ա. ութերորդ դարուն, ուրարտական Արգիշտի Ա. թագաւորի արշաւանքներուն ընթացքին, բնակավայրը կորսնցուց իր նախկին նշանակութեան մէկ մասը։

Օգոստոս կայսեր պատկերով դրամին յայտնաբերումը ուշագրաւ է նաեւ հայեւհռոմէական պատմական կապերուն տեսակէտէն։ Ք.ա. 20-ին, Հռոմի աջակցութեամբ, Հայաստանի գահ բարձրացած էր Տիգրան Գ.։ Արծաթեայ դրամը կը վկայէ այն շրջանի դրամական շրջանառութեան եւ Հայաստանի՝ արտաքին աշխարհի հետ ունեցած առնչութիւններուն մասին։

Մեծամօրի պեղումները կը շարունակուին։ Գտածոները վերականգնումէ ետք պիտի ցուցադրուին տեղւոյն պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանին մէջ։