Երեւանի մէջ COP17-ի աւարտը նշուած է երաժշտական երեկոյթով

COP17-փակում

Երեւանի մէջ գումարուած ՄԱԿ-ի կենսաբազմազանութեան 17-րդ համաժողովին (COP17) աւարտը Հոկտեմբեր 31-ին նշուած է տօնական համերգով՝ հայ երաժշտական աշխարհի ծանօթ անուններու մասնակցութեամբ։

Համերգը տեղի ունեցած է «Կասկադ» համալիրի Գաֆէսճեան քանդակներու պարտէզին մէջ։ Ելոյթ ունեցած են Հայաստանի պետական ճազի նուագախումբը, Սոնա Ռուբէնեան, Ինգա Արշակեան, Գոռ Սուջեան, Վահագն Հայրապետեան, Աւագ Մարգարեան, «Yerevan Calling» խումբը եւ ուրիշ արուեստագէտներ։

Երեկոյին պատուոյ հիւրն էր միջազգային ճանաչում վայելող դաշնակահար եւ երգահան Տիգրան Համասեան, որ իր «MANIFESTE» երաժշտական ծրագրով եզրափակած է համերգը։

Այս ձեռնարկով աւարտած է COP17-ի մշակութային յայտագիրը, որուն նպատակն էր արուեստի միջոցով հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել բնութեան եւ կենսաբազմազանութեան պահպանութեան կարեւորութեան վրայ։

COP17. Երեւանի համաժողովին շուրջ 50 որոշում ընդունուած է

Նշենք, որ COP17 համաժողովը աւարտած է շուրջ 50 որոշումներու ընդունումով։ Հայաստանի Շրջակայ միջավայրի նախարար եւ համաժողովի նախագահ Համբարձում Մաթեւոսեան յայտարարած է, թէ ձեռք բերուած արդիւնքները գերազանցած են սկզբնական սպասումները։

Ամփոփիչ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ան յայտնած է, որ մասնակից երկիրները յաջողած են համաձայնութեան հասնիլ շարք մը հարցերու շուրջ, որոնք տարիներէ ի վեր տարակարծութիւններու եւ երկարատեւ բանակցութիւններու առարկայ էին։

Մաթեւոսեան այս յաջողութիւնը վերագրած է պատուիրակութիւններուն ցուցաբերած պատրաստակամութեան եւ փոխադարձ զիջումներուն։ Ան նշած է, թէ վերջին օրերուն բանակցութիւնները շարունակուած են մինչեւ ուշ գիշեր, որպէսզի կարելի ըլլայ համաձայնութեան յանգիլ։

Ընդունուած որոշումները կը վերաբերին կենսաբազմազանութեան պահպանութեան տարբեր հարցերու, ներառեալ՝ անհրաժեշտ նիւթական միջոցներու ապահովումը եւ միջազգային համապատասխան կառոյցներու աշխատանքներուն կազմակերպումը։

“Հիանալի արդիւնք է”,– գնահատած է Մաթեւոսեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով մասնակից երկիրներուն եւ համաժողովի կազմակերպիչներուն։

Աւելցնենք, որ COP17-ի եզրափակիչ լիագումար նիստին կատարուած գաղտնի քուէարկութեամբ՝ Էքուաթէօրը ընտրուած է 2028-ին կայանալիք COP18-ի հիւրընկալ երկիր։ Համաժողովը տեղի պիտի ունենայ անոր մայրաքաղաք Քիթոյի մէջ։