Հայերէնի պետական կարգավիճակը պիտի դառնայ անփոփոխելի
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան Նոյեմբեր 2-ին յայտարարած է, թէ նախատեսուած նոր Սահմանադրութեամբ հայերէնը պիտի ամրագրուի իբրեւ երկրին միակ պետական լեզուն, եւ այդ տրամադրութիւնը այլեւս կարելի պիտի չըլլայ փոփոխութեան ենթարկել։
Դիմագիրքի իր էջին հրապարակած տեսանիւթին մէջ Ռուբինեան բացատրած է, թէ այսպէսով ապագային կարելի պիտի չըլլայ ո՛չ ուրիշ լեզուով մը փոխարինել հայերէնը, ո՛չ ալ երկրորդ պետական լեզու մը հաստատել։
Ան մերժած է ռուսերէնին կամ անգլերէնին պետական կարգավիճակ շնորհելու առաջարկները՝ շեշտելով, որ հայերէնը ազգային ինքնութեան գլխաւոր սիւներէն մէկն է։
Խորհրդարանի նախագահը նաեւ յոյս յայտնած է, որ ընդդիմութիւնը արգելք պիտի չհանդիսանայ այս սահմանադրական փոփոխութեան ընդունման։
