Մարտ 23-ին, կառավարութեան նիստին ելոյթ ունենալով վարչապետ Փաշինեան յայտարարած է, թէ Բերձորի միջանցքի ապօրինի փակման 100-րդ օրը Ազերպայճանի կողմէ յատկանշուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղ բնական կազի մատակարարման մէկ նոր խզումով, 13-րդ անգամ ըլլալով։
“Սրան նախորդեց Լեռնային Ղարաբաղի ցեղային զտման ենթարկուած Թալիշ գիւղում Ադրբեջանի ղեկավարի ունեցած ելոյթը (Մարտ 18-ին), որը մի՛այն կարելի է յարձակողական որակել։
Թալիշ գիւղում տեղի ունեցածը Ադրբեջանի կողմից իրականացուող ցեղային զտման եւ ցեղասպան քաղաքականութեան հիմնարար, հիմնաւոր ապացոյց է։ 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով հայաթափուած այդ գիւղում սեփականութեան իրաւունքով Հայերին պատկանող տները Ադրբեջանը քանդում է եւ նրանց փոխարէն կառուցում Ադրբեջանցիների համար նախատեսուած տներ։ Այն, ինչի մասին ահազանգում էինք երկար ժամանակ, ահա արդէն իրականութիւն է”,– ըսած է վարչապետը, աւելցնելով, որ Ազերպայճանի ղեկավարութիւնը ցոյց կու տայ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հայութեան իրաւունքների եւ անվտանգութեան երաշխաւորման կամ «համարկումի» իր մոդելը՝ սեփականութեան իրաւունքով Հայերուն պատկանող տուները քանդել, անոնց փոխարէն կառուցել Ազերպայճանցիներու համար նախատեսուած բնակարաններ, զուգահեռաբար հինաւուրց հայկական կոթողներու վրայէն ջնջելով հայերէն արձանագրութիւնները, եւ այսպէսով հարցը համարել լուծուած։
“Այս գործողութիւնները ապօրինի են եւ բացայայտ կերպով հակասում են 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 7-րդ կէտին, որտեղ, յիշեցնեմ, ասւում է․ «Ներքին տեղահանուած անձինք եւ փախստականները վերադառնում են Լեռնային Ղարաբաղի տարածք եւ յարակից շրջաններ ՄԱԿ-ի փախստականների հարցերով ընդհանուր յանձնակատարի վերահսկողութեան ներքոյ։ Սա նշանակում է, որ Մարտի 18-ը պէտք է նշանաւորուէր հայ բնակչութեան Թալիշ վերադառնալով եւ ո՛չ թէ նրանց տները քանդելու վանդալային արարքով”,– ընդգծած է ան։
Վարչապետը նկատել տուած է, թէ Ազերպայճանի ղեկավարութեան այս գործողութիւններուն հետեւեցաւ Լեռնային Ղարաբաղէն եւ յարակից շրջաններէն բռնագաղթած մեր հայրենակիցներուն յայտարարութիւնը, որոնք 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ համաձայնութիւնը ստորագրած երկիրներու ղեկավարներէն, ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու ընդհանուր յանձնակատարէն կը պահանջեն ապահովել Լեռնային Ղարաբաղէն եւ յարակից շրջաններէն տեղահանուած Հայերու անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձը իրենց պատմական հողերը եւ նախկին բնակավայրերը՝ համաձայն 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնուած պարտաւորութիւններու, մարդկային եւ մարդասիրական իրաւունքի։
“Որպէս նշուած յայտարարութեան հասցէատէրերից մէկը, ուզում եմ յստակ ընդգծել, որ նշուած պահանջը արդարացի եմ համարում, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը պէտք է ձեռնարկի բոլոր քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցները յայտարարութեան հեղինակների եւ շահառուների իրաւունքները պաշտպանելու համար”,– նշած է Փաշինեան։