Հայաստան – ժամանակը կը բանի ի նպաստ անոնց, որոնք գիտեն զայն օգտագործել

Capture d’écran 2026-10-22 à 00.08.25

Հայաս­տան շատ աւե­լի արագ կը յա­ռաջա­նայ, քան ինչ որ կը կար­ծուի Փա­րիզի մէջ։ Սա­կայն ձեռ­քի ար­գե­լակը դեռ քա­շուած է, եւ այդ ար­գե­լակին մէկ մասն ալ Սփիւռքի ձեռքն է։

Շրջե­ցանք Հա­յաս­տա­նի ամ­բողջ տա­րած­քով՝ հիւ­սի­սէն հա­րաւ, Տա­ւու­շի հո­վիտ­նե­րէն մին­չեւ Սիւ­նի­քի ոլո­րապ­տոյտ ճամ­բա­ները։ Գա­ցած էինք ո՛չ իբ­րեւ զբօ­սաշրջիկ, այլ վկայ ըլ­լա­լու այն իրա­կանու­թեան, որուն մէջ կ՚ապ­րին մար­դիկ։ Կ՚ու­զէինք լսել ձայ­նը անոնց, որոնք ամէն օր եր­կի­րը ոտ­քի կը պա­հեն։

Հան­դի­պեցանք ար­հեստա­գիտա­կան ու­սումնա­րան­նե­րու տնօ­րէն­նե­րու եւ ու­սուցիչ­նե­րու, գիւ­ղա­կան հա­մայնքնե­րու ղե­կավար­նե­րու եւ հո­ղագործնե­րու։ Զրու­ցե­ցինք բա­րեսի­րական հիմ­նադրամ­նե­րու աշ­խա­տակից­նե­րու, Ֆրան­սա­յէն եկած զինուորական ոստիկանութեան սպա­ներու եւ քա­ղաքա­ցիական պաշտպա­նու­թեան ծա­ռայու­թեան ներ­կա­յացու­ցիչնե­րու, ինչպէս նաեւ հայ­կա­կան զի­նուո­րական ակա­դեմիանե­րու պա­տաս­խա­նատու­նե­րու հետ։ Այս տաս­նեակ զրոյցնե­րէն յստակ պատ­կեր մը կը գո­յանայ. եր­կի­րը շարժման մէջ է, սա­կայն տա­կաւին ոչ պատ­մա­կան պայ­մաննե­րու պա­հան­ջած թափով։

Ո՞ւր յա­ռաջ­դի­մու­թիւն կայ

Յա­ռաջ­դի­մու­թիւնը տե­սանե­լի է։ Նախ եւ առաջ հարկ է ըն­դունիլ այս իրո­ղու­թիւնը։

Ճամ­բա­ները հա­տուած առ հա­տուած կը վե­րաշի­նուին՝ իրա­րու մօ­տեց­նե­լով եր­կար ատեն մե­կու­սա­ցած շրջան­նե­րը։ Հաս­տա­տուած են տուեալ­նե­րու պահ­պանման եւ մշակ­ման չորս կեդ­րոններ (data centers), որոնց շնոր­հիւ Հա­յաս­տան իր տե­ղը կը գրա­ւէ տա­րածաշրջա­նի թուային աշ­խարհին մէջ։ Նո­րոգուած են ոռոգ­ման ջրանցքներ։ Սիւ­նի­քի դաշ­տե­րուն վրայ ապ­րող գիւ­ղա­ցինե­րուն հա­մար ասի­կա վճռական է՝ բեր­քը պի­տի փճա­նա՞յ, թէ՞ կա­րելի պի­տի ըլ­լայ զայն վաճառել։

Ար­հեստա­գիտա­կան ու­սումնա­րան­նե­րուն մէջ տե­սանք ար­դիական սար­քա­ւորումնե­րով օժ­տուած աշ­խա­տանոց­ներ եւ խան­դա­վառ ու­սուցիչ­ներ, որոնք կը ջա­նան պատ­րաստել երկրին անհրա­ժեշտ մաս­նա­գէտ­նե­րը։ Բա­րեսի­րական հիմ­նադրամ­նե­րը համ­բե­րատար, յա­ճախ անաղ­մուկ աշ­խա­տանք կը տա­նին՝ նե­ցուկ կանգնե­լով ըն­տա­նիք­նե­րուն եւ գիւ­ղա­կան հա­մայնքնե­րուն։

Ֆրան­սա­յի հետ զինուորական ոստիկանութեան եւ քա­ղաքա­ցիական պաշտպա­նու­թեան աս­պա­րէզ­նե­րուն մէջ ծա­ւալած գոր­ծակցու­թիւնը ար­դէն իր պտուղնե­րը կու տայ. կը փո­խանա­կուին աշ­խա­տելա­կեր­պեր ու փոր­ձա­ռու­թիւններ։ Վեր­ջա­պէս, զի­նուո­րական ակա­դեմիաներն ալ սկսած են ար­դիակա­նանալ։

Այս բո­լոր աս­պա­րէզ­նե­րուն մէջ հան­դի­պեցանք բա­նիմաց, նպա­տակաս­լաց մար­դոց։ Եր­կի­րը ո՛չ եռան­դի պա­կաս ու­նի, ո՛չ ալ աշ­խա­տու­ժի։

Ի՞նչը կը դան­դա­ղեց­նէ յա­ռաջըն­թա­ցը

Պակ­սո­ղը կամ­քը չէ, այլ այն օղակ­նե­րը, որոնք այդ կամ­քը շօ­շափե­լի ձեռքբե­րու­մի պի­տի վե­րածեն։ Ամէն տեղ գրե­թէ նոյն ախ­տա­ճանա­չու­մը լսե­ցինք՝ եր­բեմն զուսպ բա­ռերով, եր­բեմն ալ յոգ­նած շեշ­տով։

Նախ՝ ար­հեստա­գիտա­կան եւ ղե­կավա­րական հմտու­թիւննե­րու պա­կաս կայ։ Եր­բեմն սար­քա­ւորումնե­րը տեղ կը հաս­նին աւե­լի շուտ, քան կը պատ­րաստուին զա­նոնք գոր­ծա­ծելու եւ պահ­պա­նելու կա­րող մար­դիկ։

Երկրորդ՝ մի­ջին աս­տի­ճանի ղե­կավար­նե­րուն բա­ւարար լիազօ­րու­թիւններ չեն տրուիր։ Որո­շումնե­րը դար­ձեալ վե­րին ատեան­նե­րուն կը յղուին եւ հոն կը կու­տա­կուին։ Բա­ժան­մունքնե­րու վա­րիչ­նե­րը, հաս­տա­տու­թիւննե­րու տնօ­րէն­ներն ու տեղ­ւոյն պա­տաս­խա­նատու­նե­րը ստի­պուած կը սպա­սեն «կա­նաչ լոյ­սի» մը, որ յա­ճախ շատ կ՚ու­շա­նայ։

Եր­րորդ՝ ղե­կավա­րու­թեան սերնդա­փոխու­թիւնը դժուարու­թեամբ կը կա­տարուի։ Պե­տական բարձրա­գոյն մար­միննե­րուն, կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւննե­րուն եւ շարք մը կա­րեւոր նա­խարա­րու­թիւննե­րու ղե­կավար դիր­քե­րը տա­կաւին կը գրաւեն մար­դիկ, որոնք իրենց ու­սումը ստա­ցած են բո­լորո­վին տար­բեր ժա­մանա­կաշրջա­նի մը։ Անոնց բո­լորին վրայ կա­րելի չէ մեղ­քը բար­դել։ Սա­կայն հա­մակար­գը դժուարու­թեամբ աս­պա­րէզ կու տայ յա­ջորդ սե­րունդին, որ ար­դէն պատ­րաստ է գոր­ծի լծուելու եւ պա­տաս­խա­նատւու­թիւն ստանձնե­լու։

Վեր­ջա­պէս, մշա­կոյ­թը մեծ չա­փով ան­տե­սուած է։ Արուես­տը, գրա­կա­նու­թիւնն ու երաժշտու­թիւնը նոր սե­րունդնե­րուն փո­խան­ցե­լու կո­չուած ծրա­գրե­րը, անհրա­ժեշտ մի­ջոց­նե­րէ զուրկ, կը շա­րու­նա­կուին միայն անձնուէր մար­դոց ջան­քե­րով։ Մինչդեռ ժո­ղովուրդ մը, որ դա­րերու ըն­թացքին իր գո­յու­թիւնը պահ­պա­նած է իր լե­զուին, ձե­ռագրե­րուն եւ երաժշտու­թեան շնոր­հիւ, չի կրնար մշա­կոյ­թը նկա­տել երկրոր­դա­կան շռայ­լութիւն մը։ Չէ՞ որ մշա­կոյթն է, որ իմաստ կու տայ մնա­ցեալ ամէն ին­չի։

Սփիւռք. պա­տաս­խա­նատւու­թիւն ստանձնե­լու ժա­մանակն է

Այժմ կ՚ու­զենք խօ­սիլ Սփիւռքին, առա­ջին հեր­թին՝ ֆրան­սա­հայու­թեան, որուն մենք ալ հո­գիով կը պատ­կա­նինք։

Սփիւռքը իրեն բա­ժին ին­կած պա­տաս­խա­նատւու­թիւնը չի ստանձներ՝ ո՛չ մտա­ւորա­կան, ո՛չ ալ նիւ­թա­կան գետ­նի վրայ։

Մենք լաւ գի­տենք յի­շողու­թիւնը վառ պա­հել, յար­գանքի տուրք մա­տու­ցել նա­հատակ­նե­րուն եւ մեր ընդվզու­մը ար­տա­յայ­տել։ Սա­կայն երբ կար­գը կու գայ եր­կա­րատեւ յանձնա­ռու­թեան, կը դժուարա­նանք։

Մեր բժիշկնե­րը, ճար­տա­րագէտ­նե­րը, իրա­ւաբան­նե­րը, գոր­ծա­րար­ներն ու արուես­տա­գէտ­նե­րը փո­խան­ցե­լիք մեծ հմտու­թիւն եւ փոր­ձա­ռու­թիւն ու­նին։ Բայց անոնցմէ քա­նի՞ն տա­րին գո­նէ մէկ շա­բաթ կը յատ­կացնեն ու­սուցիչ­ներ վե­րապատ­րաստե­լու, պե­տական մար­միննե­րուն մաս­նա­գիտա­կան խոր­հուրդներ տա­լու կամ Երե­ւանի եւ Գո­րիսի նո­րաս­տեղծ ձեռ­նարկու­թիւննե­րուն ուղղու­թիւն ցոյց տա­լու։

Պէտք է խօ­սինք նաեւ դրա­մի մա­սին ՝ առանց կեղծ հա­մես­տութեան։

Սերունդնե­րու աշ­խա­տան­քով ու խնա­յողու­թեամբ կու­տա­կուած պատ­կա­ռելի դրա­մագ­լուխներ կը մնան զո­ւիցե­րական, բրի­տանա­կան եւ ֆրան­սա­կան դրա­մատու­նե­րուն մէջ, փո­խանակ Հա­յաս­տա­նի մէջ ներդրո­ւելու։ Պատ­ճա­ռը պարզ է. բա­ւարար ու­շադրու­թիւն չենք դարձներ երկրին կա­ցու­թեան եւ անոր ըն­ձե­ռած կա­րելիու­թիւններուն։

Հա­յաս­տան բա­րեսիրութիւն չի խնդրեր։ Ընդհա­կառա­կն՝ ան Սփիւռքին առ­ջեւ բա­ցառիկ հնա­րաւո­րու­թիւն մը կը բա­նայ։

Մե­զի կը պակ­սին հրա­տապու­թեան գի­տակ­ցութիւ­նը, հա­մերաշ­խութիւնն ու առա­տաձեռ­նութիւ­նը։ Բայց կը պակ­սի նաեւ, եւ ասի­կա թե­րեւս աւե­լի զար­մա­նալի է, մեր առ­ջեւ բա­ցուող հնա­րաւո­րու­թիւնը ճիշդ գնա­հատե­լու կա­րողու­թիւնը։

Հայաստանի մէջ դրամագլուխ ներդնելը միայն սրտի թելադրանք չէ. նաեւ խելամիտ գործարարական ընտրութիւն մըն է։ Ատի­կա նաեւ հե­ռատես եւ իր հա­շիւը գիտ­ցող գոր­ծա­րարի մը խո­հեմ ընտրու­թիւնն է։

Աշ­խարհա­քաղա­քական պայ­մաննե­րը փո­խուած են եւ նոր հե­ռան­կար­ներ բա­ցած։ Տա­րածաշրջա­նային խա­ղաղու­թեան կա­րելիու­թիւնը, մի­ջազ­գա­յին գոր­ծընկեր­նե­րու շրջա­նակին ընդլայ­նումը, ինչպէս նաեւ թուային մար­զին եւ են­թա­կառոյցնե­րուն յա­ռաջըն­թա­ցը զար­գացման նոր կա­րելիու­թիւններ կը ստեղ­ծեն, որոնք կրնան հետզհե­տէ աւե­լի ըն­դարձա­կուիլ։

Այս նոր պատեհութիւններէն առաջին օգտուողները մեծագոյն շահը պիտի քաղեն։ Անոնց հետ պիտի շահի նաեւ Հայաստանը։

Ժա­մանա­կը կը բա­նի ի նպաստ անոնց, որոնք գի­տեն զայն օգ­տա­գոր­ծել

Հա­յաս­տան մեր խղճա­հարու­թեան պէտք չու­նի։ Անոր անհրա­ժեշտ են մեր ներ­կա­յու­թիւնը, մեր հմտու­թիւններն ու մեր դրա­մագ­լուխնե­րը՝ լուրջ չա­փանիշ­ե­րով եւ եր­կա­րատեւ յանձնա­ռու­թեամբ ներդրուած։

Գործնա­կան գետ­նի վրայ կրնանք երեք յանձնա­ռու­թիւն ստանձնել։

Առա­ջին՝ նե­ցուկ կանգնիլ մի­ջին աս­տի­ճանի մաս­նա­գէտ­նե­րու պատ­րաստու­թեան՝ թէ՛ ու­սումնա­կան հաս­տա­տու­թիւննե­րուն, թէ՛ պե­տական վար­չա­մեքե­նային մէջ։

Երկրորդ՝ կա­յուն եւ եր­կա­րատեւ ֆի­նան­սա­ւորում ապա­հովել մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութիւ­նը նոր սե­րունդնե­րուն փո­խան­ցող ծրա­գրե­րուն՝ երաժշտու­թե­նէն մին­չեւ գրա­կանու­թիւն։

Եր­րորդ՝ Սփիւռքի դրա­մական մի­ջոց­նե­րուն մէկ մա­սը յատ­կացնել Հա­յաս­տա­նի մէջ իրա­կանա­ցուող ար­դիւնա­ւէտ եւ ար­տադրո­ղական ձեռ­նարկնե­րու։

Մար­դա­սիրա­կան օգ­նութե­նէն պէտք է անցնինք մաս­նա­գիտա­կան գոր­ծակցու­թեան։ Այս ուղղու­թեամբ ար­դէն քա­նի մը տա­րիէ ի վեր կ՚աշ­խա­տի «Ֆրան­սա­յի հայ­կա­կան հիմ­նադրամ»-ը՝ գիւ­ղատնտե­սու­թեան աս­պա­րէզին մէջ։ Նոյն ճամ­բով կը գոր­ծէ նաեւ API-ն՝ սահ­մա­նամերձ բնակ­չութեան առա­ջին օգ­նութեան գի­տելիք­ներ փո­խան­ցե­լով, իսկ գոր­ծա­րար եւ պաշտպա­նու­թեան մար­զե­րու աշ­խա­տակից­նե­րուն՝ թուային անվտան­գութեան հմտու­թիւններ ու­սուցա­նելով։

Պէտք է միակող­մա­նի բա­րեսիրութե­նէն անցնինք փո­խադարձ գոր­ծակցու­թեան, ցի­րու­ցան ու մա­կերե­սային օգ­նութե­նէն՝ նպա­տակա­յին ներդրումնե­րու, պարզ նուիրա­տւու­թե­նէն՝ իրա­կան փո­փոխու­թիւննե­րու։

Ահա՛ Սփիւռքին ար­ժա­նի տե­ղը։

Սիւ­նի­քի ճամ­բա­ներուն վրայ պարզ ճշմար­տութիւն մը հասկցանք. ժա­մանա­կը ո՛չ Հա­յաս­տա­նի օգ­տին կը բանի, ո՛չ ալ անոր դէմ։ Ան կը ծա­ռայէ անոնց, որոնք գի­տեն զայն օգ­տա­գոր­ծել՝ յա­ռաջ եր­թա­լու հա­մար։

Մեզ­մէ՝ Սփիւռքէն կա­խեալ է որո­շել, թէ ո՛ր կող­մը կ՚ու­զենք կանգնիլ։

ՌՈՊԷՐ ԱՅՏԱՊԻՐԵԱՆ

ՄԷԹՐ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

Փարիզ ■