Ֆրանսայի լիսէներուն մէջ բողոքի շարժումը կը վերսկսի
Դպրոցական երկշաբաթեայ արձակուրդէն ետք, Նոյեմբեր 2-ին, Ֆրանսայի կարգ մը լիսէներուն մէջ վերսկսած են աշակերտական բողոքի շարժումներն ու դասարաններու մուտքերը փակելու փորձերը, սակայն նախորդ շաբաթներուն բաղդատմամբ՝ շատ աւելի սահմանափակ տարողութեամբ։
Կրթութեան նախարարութեան համաձայն՝ Երկուշաբթի առաւօտ 41 լիսէներու մուտքերը փակուած էին, այսինքն՝ երկրին շուրջ 3700 լիսէներուն մէկ առ հարիւրը։ Շարժումը նախորդ շաբաթներուն ընդգրկած էր հարիւրաւոր հաստատութիւններ։
Կրթութեան նախարար Էտուար Ժեֆրէ յայտարարած է, թէ բողոքի ցոյցերը օրինաւոր են, սակայն աշակերտներուն դպրոց մուտքը արգիլելը՝ ապօրինի։
Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբերին Փարիզի արուարձաններէն սկսած շարժումը հետզհետէ տարածուած էր երկրի զանազան շրջանները։ Դպրոցական պայմաններու բարելաւման պահանջներուն միացած էին նաեւ կեանքի սղութեան եւ ընկերային անհաւասարութիւններու դէմ բողոքները։
Նախորդ շաբաթավերջերու կարգ մը ցոյցերուն ընթացքին ոստիկանութեան հետ ծանր բախումներ տեղի ունեցան, մինչ պատեհապաշտ ստահակներու խմբակներ ջարդուփշուր ըրին ու կողոպտեցին բազմաթիւ վաճառատուներ։ Ըստ հրապարակուած գնահատումներու՝ պատճառուած վնասներն ու տնտեսական կորուստները կը գերազանցեն մէկ միլիառ եւրօն։
Առաջին տուժողները, անշուշտ, վաճառականներն էին, որոնք իրենց խանութները աւերուած ու կողոպտուած գտան։ Սակայն այդ անկարգութիւնները ծանր հարուած հասցուցին նաեւ բողոքի շարժումին՝ շուքի մէջ ձգելով անկեղծօրէն ու խաղաղ միջոցներով բողոքող ցուցարարներուն արդար, կամ առնուազն լուրջ քննարկումի արժանի պահանջները։
