Հար­ցազրոյց՝ Պոլսոյ «Ակօս» շա­բաթա­թեր­թի հայ­կա­կան բաժնի խմբա­գիր Բագ­րատ Էսդուգեանի հետ

32fa052d-2d3f-4c51-b696-1b93c64577d2

Թուրքիոյ հա­յու­թեան ինքնու­թեան պահ­պանման պայ­քա­րը առանձ­նա­յատուկ բնոյթ կը կրէ եւ կը տար­բե­րի Սփիւռքի գա­ղութնե­րուն դի­մագ­րա­ւած պայ­քա­րէն։ Թուրքիոյ հա­յերը ժա­ռան­գորդներն են նա­խաեղեռ­նեան հայ­կա­կան աշ­խարհէն մնա­ցած պատ­մա­կան ու մշա­կու­թա­յին հա­րուստ ժա­ռան­գութեան։ Իբ­րեւ այդ երկրին քա­ղաքա­ցիները՝ անոնք իրա­ւունք ու­նին այ­ցե­լելու իրենց նախ­նի­ներուն բնա­կած վայ­րե­րը եւ ան­մի­ջական կապ պա­հելու այդ ժա­ռան­գութեան հետ։ Առա­ւելու­թի՞ւն է, ցա՞ւ է, բե՞ռ է։ Ան­ցեալի յի­շողու­թիւնը, ներ­կայ աշ­խարհա­քաղա­քական պայ­մաննե­րը ի՞նչ հե­ռան­կարներ կը ստեղ­ծեն, ինչպի­սի՞ մար­տահրաւէրնե­րու առ­ջեւ կը դնեն տեղ­ւոյն հա­յերը եւ աւե­լի լայն շրջար­կի մէջ՝ հա­յու­թիւնը։ Նիւ­թեր են, որոնք հա­մար­ձա­կօրէն կը քննար­կուին Պրն Էս­դուգեանի կող­մէ։

Պոլ­սոյ «Ակօս» շա­բաթա­թեր­թի հայ­կա­կան բաժ­նի խմբա­գիր Բագ­րատ Էս­դուգեան, առա­ջին օրէն ըն­կե­րակ­ցած է Հրանդ Տին­քի լրա­տուա­կան աշ­խա­տան­քին, ինքնու­թե­նական պայ­քա­րին, հան­գուցեալ Սար­գիս Սե­րոբեանի հետ։ Թրքա­կան քա­ղաքա­կանու­թեան ներ­քին ծալ­քե­րուն լա­ւատե­ղեակ է։ Թուրքիոյ, Հա­յաս­տա­նի եւ տա­րածաշրջա­նի քա­ղաքա­կան իրա­վիճա­կը այնքան պայ­թուցիկ է եւ փո­փոխա­կան է, որ «Ակօս»-ի խմբա­գրին դի­տար­կումնե­րը մե­զ՝ սփիւռքա­հայե­րս ան­տարբեր չեն ձգեր։ Ստո­րեւ հար­ցազրոյ­ցը Բագ­րատ Էս­դուգեանի հետ։

«Նոր Յա­ռաջ» – Պոլ­սա­հայ կեան­քին մէջ «Ակօս» շա­բաթա­թեր­թի ստեղ­ծումը շատ մեծ ու­շադրու­թիւն գրա­ւեց, որով­հե­տեւ հան­դէս եկաւ իբ­րեւ երկլե­զու մա­մուլ. թրքե­րէնով հրա­տարա­կուի­լը նոր երե­ւոյթ էր, ու­րեմն կ՚ուղղուէր ոչ-հա­յախօս մեր հայ­րե­նակից­նե­րուն, նաեւ քիւրտե­րու, նաեւ թուրքե­րու, որոնք հե­տաքրքրուած են հայ­կա­կան հար­ցե­րով։ Ինչպէ՞ս ապ­րե­ցաք «Ակօս»-ի ծնունդը, որով­հե­տեւ առա­ջին օրէն իսկ ներգրա­ւուած էիք «Ակօս»-ի մէջ։

Բագ­րատ Էս­դուգեան – Ճիշդ է, առա­ջին օրէն, նախ­քան այդ ալ, «Ակօս»-ի մտքի մշակ­ման գոր­ծընթա­ցին մաս կազ­մե­ցի եւ անհրա­ժեշ­տութիւն մըն էր այ­լեւս թրքե­րէնով հայ­կա­կան թերթ մը հրա­տարա­կելը, որով­հե­տեւ բա­ւական մեծ հա­մե­մա­տու­թիւն կը կազ­մէին այն հա­յերը, որոնք հա­յերէն կար­դա­լու ըն­դունա­կու­թիւն չու­նէին: Երկ­րորդ, անհրա­ժեշ­տութիւ­նը՝ որ Թուրքիոյ հա­սարա­կու­թիւնն ալ չէր կրնար հա­յոց իրենց ուղղած բա­ցատ­րութիւննե­րը լսել: Այդ օրե­րու քա­ղաքա­կան ճնշումնե­րը ուղղուած էին հա­յոց վրայ, ամէն չա­րիք հա­յոց կը վե­րագ­րուէր եւ ատոր դէմ հայ ժո­ղովուրդի առար­կութիւննե­րը, ընդվզումնե­րը ցո­լաց­նող որե­ւէ օր­կան գո­յու­թիւն չու­նէր: Հե­տեւա­բար այդ խնդիր­նե­րուն մէջ մտած որոշ քա­ղաքա­կանա­ցուած շրջա­նակ­նե­րու հա­մար ալ կա­րիք մըն էր, հա­յերու խնդիր­նե­րը իմա­նալու մի­ջոց մը: Այդպէս գո­յացաւ «Ակօս»-ը շնոր­հիւ Հրանդ Տին­քի նա­խաձեռ­նութեան եւ ջան­քե­րուն: Անշուշտ, Հրանդ առանձին չէր։ Իր շուրջ համախմբուած էին համախոհներ, որոնք իրեն հետ կը գործէին նոյն նպատակին համար։ Շուրջ երեսուն տարի առաջ սկիզբ առած այդ առաքելութիւնը կը շարունակուի մինչեւ այսօր։

«ՆՅ» – Իսկ այս երե­ւոյ­թը՝ թրքե­րէնով հայ­կա­կան մա­մու­լի հրա­տարա­կու­թիւնը, ինչպէ՞ս ըն­դունուեցաւ հայ հա­մայնքին կող­մէ, նաեւ որով­հե­տեւ նիւ­թե­րը որոնք կ՚ար­ծարծուէին, ան­սո­վոր նիւ­թեր էին՝ ցե­ղաս­պա­նու­թեան, հայ­կա­կան ժա­ռան­գութեան, ինքնու­թեան վե­րաբե­րեալ, որոնք կրնա­յին հայ հա­մայնքին հա­մար նե­ղացու­ցիչ ըլ­լալ տեղ մը։

Բ. Է. – Այդ մտա­վախու­թիւնը ու­նե­ցող լայն շրջա­նակ մը գո­յու­թիւն ու­նէր Պոլ­սոյ մէջ այդ ժա­մանակ. անոնք կ՚ըսէին. «Ին­չո՞ւ հա­մար մեր խնդիր­նե­րը բո­լորին տե­սանե­լի դառ­նան»։ Չէին ու­զեր որ մեր խնդիր­նե­րը ար­ծարծուին հա­սարա­կու­թեան առ­ջեւ, բայց միւս կող­մէ եղե­լու­թիւնը շատ աւե­լի ճիշդ էր: Փշոտ տա­րածքներ մտաւ «Ակօս»-ը, վտան­գա­ւոր ջու­րե­րու մէջ նաւարկեց, շա­տեր կ՚ու­զէին այդ ջու­րե­րուն բնաւ չե­րեւիլը, չտես­նուիլը, չյայտնուիլը, որ ար­դա­րու­թեան պա­հանջն էր, Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­րա­ցու­մին դէմ բո­ղոքն էր: Այս բա­ները լսել չու­զող մեծ զան­գուած մը կար, զան­գուած մը, որ մէկ կող­մէն ալ ին­ծի հա­մար այ­պա­նելի է: Կ՚ըսէին. «Մենք այստեղ հան­գիստ ենք, Վոս­փո­րը շատ գե­ղեցիկ վայր է, օղին եւ ձու­կը շատ հա­մեղ են, ին­չո՞ւ հա­մար մեր հան­գիստը պի­տի խան­գա­րենք։ Ի՞նչ ընել կ՚ու­զէք 100 տա­րի առա­ջուան վէր­քե­րը վերստին քրքրե­լով»։ Ասի­կա այ­պա­նելի կե­ցուածք մըն էր, իսկ միւ­սը՝ ար­ժա­նապա­տւու­թեան խնդիր մը: Եթէ տա­կաւին հա­րիւր տա­րի անց քե­զի դէմ հա­լածանք մը կայ, եւ այդ հա­լածան­քին պի­տի հա­կազ­դես միայն զայն ան­տե­սելով, չլսած ձե­ւաց­նե­լով, ասի­կա քիչ մը յե­ղափո­խական խառ­նուածք ու­նե­ցող մար­դու հա­մար անըն­դունե­լի երե­ւոյթ է։ Հրանդ Տինք այդպի­սին էր, յե­ղափո­խական մըն էր, հա­մաշ­խարհա­յին առու­մով յե­ղափո­խական մը, որ իր ազ­գի խնդիր­նե­րուն նկատ­մամբ ալ այլ կերպ չէր կրնար վա­րուիլ, եթէ ոչ ար­դա­րու­թիւն պա­հան­ջե­լով։ Եւ պա­հան­ջեց, բայց գի­տենք, թէ ինչպէ՛ս տու­ժեց՝ իր կեան­քո՛վ։ Ոմանց հա­մար ասի­կա ան­դառնա­լի կո­րուստ մըն էր, իսկ աւե­լի մեծ հան­րութեան մը հա­մար՝ հե­րոսու­թիւն մը, նա­հատա­կու­թիւն մը, որ կա­րելի էր պա­տիւով կրել։ Այս եր­կընտրան­քը մին­չեւ այ­սօր ալ օրա­կար­գի նիւթ է։ Բայց գե­րու­թեան պայ­մաննե­րուն մէջ ի՞նչ ազատ կեան­քի մա­սին կրնայ խօսք ըլ­լալ, եթէ պի­տի դադ­րիս պայ­քա­րելէ։ Հրանդ չէր դադ­րած պայ­քա­րելէ. պայ­քա­րեցաւ, մարտնչե­ցաւ եւ նա­հատա­կուեցաւ։

«ՆՅ» – Այսպի­սի թերթ մը հրա­տարա­կելը, երբ պայ­մաննե­րը այսքան ծանր են նոյ­նիսկ ըն­թերցող­նե­րուն հա­մար, որ­քա­նո՞վ դիւ­րին է գտնել աշ­խա­տակից­ներ, որոնք պատ­րաստ ըլ­լան այս գոր­ծին մաս կազ­մե­լու՝ գիտ­նա­լով, որ իրենք ալ կրնան թի­րախ դառ­նալ։ Իսկ այ­սօր որո՞նք են թեր­թին ըն­թերցող­նե­րը։ Տա­րիներ ան­ցած են, թերթն ալ հա­սու­նացման որոշ ճամ­բայ կտրած է։ Ըն­թերցող­նե­րուն շրջա­նակը ընդլայ­նո­ւա՞ծ է, թէ՞ նեղ­ցած։ Ի՞նչ պայ­մաննե­րու մէջ կը գոր­ծէք ներկայիս։

Բ. Է. – Պար­տիմ ըսել, որ հոս գա­ղափա­րական, գա­ղափա­րախօ­սական գոր­ծօն մը կար, որուն բերմամբ ահա­գին ոչ-հա­յեր եւս թի­կունք կանգնե­ցան Հրան­դին, իր այս աշ­խա­տան­քին մէջ: «Ակօս»-ի առաջին թիւերուն պատրաստութեան ընթացքին՝ էջադրութենէն մինչեւ տպագրութիւն, Հրանդին օգնող բազմաթիւ ոչ-հայեր կային՝ թուրքեր եւ քիւրտեր, որոնք կը հաւատային անոր կատարած գործին եւ իրենց բոլոր միջոցներով զօրավիգ կը կանգնէին իրեն։ Ուրախութեամբ կրնամ ըսել, թէ այդ փաղանգը մինչեւ այսօր ալ «Ակօս»-ի կողքին է։ Առա­ջին օրէն իսկ «Ակօս»-ի աշ­խա­տակազ­մին մէջ միշտ գտնուեցան ոչ-հա­յեր, որոնք մեծ նպաստ բե­րին թեր­թին թէ՛ բար­գա­ւաճ­ման, թէ՛ գո­յատեւ­ման: Կա­րեւոր ներդրում էր: Այ­սօր նման պատ­կեր կը տես­նեմ «Արաս» հրա­տարակ­չութեան մէջ կամ նման պատ­կեր տե­սանք «Նոր Զար­թօնք» երի­տասար­դա­կան շար­ժումի գոր­ծունէու­թեան շրջա­նին: Այ­սօր ափ­սոս որ այդ շար­ժումը իր ազ­դե­ցու­թիւնը կորսնցուց, որով­հե­տեւ անոր երի­տասարդ գոր­ծիչնե­րուն կա­րեւոր մէկ մա­սը ցրուեցաւ աշ­խարհի տար­բեր եր­կիրներ: Այս երի­տասարդնե­րուն կող­քին ալ կա­յին օտա­րազ­գի տար­րեր, որոնք նոյն բծախնդրու­թեամբ տէր կը կանգնէին օրի­նակ՝ Ապ­րի­լ 24-ի մի­ջոցա­ռումնե­րու կազ­մա­կերպման եւ անոնք աւե­լի լուրջ հար­ցե­րու դէմ-յան­դի­ման կը գտնուէին, երբ յան­կարծ ոս­տի­կանու­թեան հետ խնդիր մը ծա­գէր: 

«ՆՅ» – Իսկ այս 20-30 տա­րինե­րու ըն­թացքին որ­քա­նո՞վ փոխուած է  թեր­թին ըն­թերցող­նե­րու շրջանակը, լսարանը։

Բ. Է. – Երկրին մէջ տի­րող մթնո­լոր­տը բա­ւական ճնշող է: Այս պա­հուն Թուրքիոյ բան­տե­րը լե­ցուն են քաղ­աքական բանտար­կեալ­նե­րով: Մար­դիկ, որոնք քա­ղաքա­կիրթ երկրի մը մէջ եր­բեք յան­ցա­ւոր պի­տի չհա­մարուէին, այդ ուղղու­թեամբ տրուած մե­ղադ­րանքնե­րուն բեր­մամբ՝ բան­տե­րու մէջ են: Հե­տեւա­բար լսա­րանին վրայ այդ ճնշումը շատ զգա­լի է. զոր օրի­նակ՝ զան­գուածա­յին ցոյ­ցեր կազ­մա­կեր­պե­լը գրե­թէ ան­կա­րելի դար­ձաւ, մինչ առաջ կոչ մը բա­ւարար էր, որ հազարաւոր մար­դիկ փո­ղոց իջ­նէին: Այ­սօր պատ­կե­րը նոյ­նը չէ, ամէն մարդ քիչ մը վախ ու սար­սա­փի մէջ է, գի­տէ որ նման արարք ան­պայման հե­տեւանք պի­տի ու­նե­նայ իր կեան­քին վրայ: 

«ՆՅ» – Իսկ այ­սօր եթէ պոլ­սա­հայ հա­մայնքը նկա­տի ու­նե­նանք, ի՞նչն է շար­ժիչ ու­ժը՝ Պատ­րիար­քանրա՞նը, վար­ժա­րան­նե՞րը, մա­մո՞ւլը, հի­ւան­դա­նոց, հիմ­նադրամ­ներ, երի­տասար­դութիւն, մտա­ւորա­կանու­թիւն…։

Բ. Է. – Շատ կ՚ու­զէի ըսել վեր­ջիննե­րը՝ երի­տասար­դութիւն, մտա­ւորա­կանու­թիւն, բայց ո՛չ, պահ­պա­նողա­կան կարգն է որ տա­կաւին գե­րիշ­խող է սկսե­լով եկե­ղեցիէն՝ Պատ­րիար­քա­րանէն: Տա­կաւին պոլ­սա­հայ հա­սարա­կու­թեան կեան­քին մէջ գե­րիշ­խող, ըն­թացքը բնո­րոշող տար­րը կը մնայ եկե­ղեցին, եւ ան­շուշտ երկրորդ կար­գին՝ դրա­մը՝ կա­րեւո­րագոյն գոր­ծօ­նը: Դրա­մը ձե­ւաւո­րուած է որոշ հիմ­նադրամ­նե­րու (վա­քըֆ) շրջա­նակին մէջ: Այ­սօր Թուրքիոյ մէջ կը գոր­ծէ հիմ­նադրամ­նե­րու տի­րապե­տու­թիւնը եւ անոնք ընդհան­րա­պէս այնպի­սի մար­դոց կող­մէ կը ղե­կավա­րուին, որոնք հե­ռու կը մնան ամէն տե­սակի ար­կա­ծախնդրու­թե­նէ: Ար­կա­ծախնդրու­թիւնն է որ մեզ կ՚ուղղէ դէ­պի երի­տասար­դութիւն, դէ­պի մտա­ւորա­կանու­թիւն: Ժան-Փօլ Սարթրը քա­նի՞ ան­գամ ոս­տի­կանու­թեան կող­մէ բեր­ման են­թարկուած է: Իսկ երբ եկե­ղեցի կ՚ըսեմ, հոն կը տի­րէ շատ ծանր աս­տի­ճանա­կարգ մը եւ պայ­ծառ միտ­քեր դժբախ­տա­բար չեն կրնար դուրս գալ այդ տե­սակի կա­ռոյցնե­րէն:

«ՆՅ» – Հրանդ Տին­քի նա­հատա­կու­թե­նէն տա­րիներ ան­ցան, ինչպի­սի՞ն է այ­սօր թրքա­կան հա­սարա­կու­թեան վե­րաբեր­ումը հա­յու­թեան հան­դէպ, որով­հե­տեւ նկա­տելի է ազ­գայնա­կանու­թեան աճը։ Կա՞ն երկխօ­սու­թեան առողջ հար­թակներ։

Բ. Է. – Այո՛, ազ­գայնա­կանու­թեան աճը շատ զգա­լի է, բայց ատոր զու­գա­հեռ կայ ատոր հա­կազ­դե­ցու­թիւնն ալ: Կան լու­սա­միտ մար­դիկ, որոնց հետ շատ յա­ճախ եւ ան­մի­ջական հա­ղոր­դակցու­թեան մէջ ենք: Ձե­զի հետ խօ­սուած այս նիւ­թե­րը կ՚ար­ծարծենք նաեւ ամ­բողջո­վին թուրք հա­սարա­կու­թեան հետ, այնպի­սի լսա­րան­նե­րու հետ, որոնց բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը թուրքեր են կամ քիւրտեր: Այս իրո­ղու­թիւնն ալ ի զօ­րու է: 

«ՆՅ» – Հա­յաս­տա­նի եւ Թուրքիոյ մի­ջեւ եր­կու տա­րիէ ի վեր յա­րաբե­րու­թիւննե­րու կար­գա­ւոր­ման աշ­խա­տանքներ կը տա­րուին, հան­դի­պումներ տեղի կ՚ունենան, որո­շումներ կայացուած են, որոնք չեն գոր­ծադրուած, սա­կայն երբ պա­հը հա­սուննայ թե­րեւս գոր­ծադրուին։ Պոլ­սա­հայ հա­մայնքը ինչպէ՞ս կը դի­տէ այս գոր­ծընթա­ցը. կա՞ն իրա­կան սպա­սումներ, թէ՞ կը կար­ծէք որ պար­զա­պէս դի­ւանա­գիտա­կան խաղ է։ 

Բ. Է. – Մէկ կող­մէն յա­րաբե­րու­թիւննե­րու բնա­կանո­նացում կո­չուա­ծը ըն­դունե­լի է, ըսել կ՚ու­զեմ՝ իրա­րու հա­կադ­րուող երկու եր­կիրնե­րու միջեւ բնա­կանոն յա­րաբե­րու­թիւններու մշա­կուի­լը: Միւս կող­մէն կայ ու­րիշ վախ մը, երբ սահ­մաննե­րը բա­ցուին ո՛չ թէ թրքա­կան ապ­րանքը պի­տի գրա­ւէ Հա­յաս­տա­նի շու­կան, այլ թրքա­կան սեւ դրա­մը պի­տի շրջա­փակէ Հա­յաս­տա­նը. այս վա­խը կայ, որով­հե­տեւ Թուրքիան ար­տադրող եր­կիր է եւ ար­տադրու­թիւննե­րը, եթէ պէտք է, այ­սօր ալ կը հաս­նին Հա­յաս­տան, հոգ չէ թէ ուղղա­կի յա­րաբե­րու­թիւննե­րը ար­գի­լուած ըլ­լան: Այ­սօր Հա­յաս­տա­նի շու­կա­յին մէջ կա­րելի է հան­դի­պիլ զա­նազան թրքա­կան ապ­րանքնե­րու: Խնդի­րը միայն առեւտրա­կան կա­պի ճնշու­մը չէ, այլ՝ սեւ սա­կարա­նի, սեւ շու­կա­յի, սեւ գոր­ծե­րու ներ­փա­թան­ցումն է: Մենք այս պատ­կե­րը տե­սանք գրա­ւուած Կիպ­րո­սի մէջ: Երբ Թուրքիան մի­ջամ­տեց եւ Կիպ­րո­սի հիւ­սի­սային հա­տուա­ծը ան­կախ պե­տու­թեան վե­րածեց ո՛չ թէ առեւտրա­կան շու­կայ մը ստեղ­ծուեցաւ, այլ խա­ղավայ­րե­րու, թմրա­նիւ­թե­րու, կնա­վաճա­ռու­թեան եւ այս տե­սակի շու­կայ մը ստեղ­ծուեցաւ: Պոլ­սա­հայոց մտա­հոգու­թիւնը այն է, որ երբ Հա­յաս­տա­նի հետ ալ յա­րաբե­րու­թիւննե­րը բնա­կանո­նանան, առա­ջին հոս­քը պի­տի ըլ­լայ այդ ուղղու­թեամբ եւ անոնք Հա­յաս­տա­նի մէջ դիւ­րաւ պի­տի գտնեն իրենց հա­մապա­տաս­խան գոր­ծընկեր­նե­րը: Թուրքիոյ մէջ թմրա­նիւ­թի գոր­ծա­ծու­թիւնը իջած է մին­չեւ նա­խակրթա­րանի տա­րիք եւ մեր վա­խը այն է, որ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու բնա­կանո­նացու­մով Հա­յաս­տա­նի նա­խակրթա­րանի ու­սա­նողն ալ նոյն վտան­գին են­թա­կայ ըլ­լայ, ան­շուշտ ձե­ռամբ եւ շնոր­հիւ հա­յաս­տանցի գոր­ծա­կից­նե­րու: 

«ՆՅ» – Բայց ար­դէն այս գոր­ծընթաց­նե­րը, յա­րաբե­րու­թիւննե­րը Հա­յաս­տան-Վրաս­տան երկկողմ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու ծի­րէն ներս ի գործ դրուած են։ Ինչպէ՞ս են այս հար­ցե­րու դի­տար­կումնե­րը Վրաս­տա­նի մէջ, ու­սում­նա­սիրա՞ծ էք որոշ չա­փով։ 

Բ. Է. – Ան­շո՛ւշտ: Թուրքիոյ մէջ խա­ղարան­նե­րը ար­գի­լուած երե­ւոյթ են, բախ­տա­խաղե­րը եթէ պե­տու­թեան հսկո­ղու­թեան տակ չեն, ար­գի­լուած են, բայց Աճա­ռիան, օրի­նակի հա­մար, խա­ղարան­նե­րու կեդ­րոն դար­ձած է, մար­դիկ խա­ղալու հա­մար Պա­թում կ՚եր­թան, ինչպէս որ կ՚եր­թան Կիպ­րոս, հի­մա ալ պի­տի եր­թան նա՛եւ Երե­ւան, նոր տա­րածք մը, նոր շու­կայ մը պի­տի ըլ­լայ: Այս տե­սակի երե­ւոյթներն են որ որոշ պոլ­սա­հայե­րու մտա­հոգու­թիւն կը պատ­ճա­ռեն, ան­շուշտ կարգ մը պոլ­սա­հայեր եւս շատ կը սի­րեն այդ խա­ղերով զբա­ղիլ, անոնց հա­մար ալ ու­րա­խալի նոր հնա­րաւո­րու­թիւն մը պի­տի ստեղ­ծուի: 

«ՆՅ» – Իսկ եթէ միւս կող­մէն նկա­տի ու­նե­նանք բո­լոր այն թաք­նուած, իս­լա­մացած, քրտա­ցած հա­յերը, անոնց հա­մար սահ­մա­նին բա­ցուի­լը ինչպի­սի՞ շար­ժա­ռիթ պի­տի ըլ­լայ, ար­դեօք իրենց ինքնու­թեան վե­րաբե­րեալ նոր տա­րա՞ծք մը պի­տի գտնեն։

Բ. Է. – Հար­կա՛ւ, մա­նաւանդ եթէ նկա­տի ու­նե­նանք Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­րանի բա­ւական վա­նողա­կան եւ մեր­ժո­ղական դիր­քը իրենց հան­դէպ. Հա­յաս­տա­նը անոնց հա­մար նոր յոյս մը պի­տի ըլ­լայ, ուր պի­տի կա­րենան աւե­լի յստակ ըսել՝ «մենք հա­յախօս չենք բայց հայ ենք, մենք մեր հա­յու­թիւնը պա­հած ենք, ինքնու­թեան գի­տակից ենք, ձե­ւակա­նօրէն մեր անձ­նաթուղթե­րուն մէջ գրած են իս­լամ, բայց եր­բեք իս­լա­մադա­ւան չե­ղանք…»: Ասի­կա ըսե­լու շատ տե­ղին առիթ մը գտած պի­տի ըլ­լան:

«ՆՅ» – Իսկ Հա­յաս­տա­նի մէջ ինչպէ՞ս պիտի ըն­դունուին այն իս­լա­մացած հա­յերը, որոնք կու գան Երե­ւան, պիտի ու­զեն հոն հաս­տա­տուիլ եւ վե­րագտնել իրենց հայ­կա­կան ինքնու­թիւնը՝ առանց հրա­ժարե­լու իրենց կրօն­քէն։ Կրօ­նական այս հան­գա­ման­քը որ­քա­նո՞վ ըն­դունե­լի է Հա­յաս­տա­նի հան­րութեան հա­մար եւ ի՞նչ հա­կազ­դե­ցու­թիւններ կը յա­ռաջաց­նէ։

Բ. Է. – Հա­­յաս­­տա­­­ն տա­­կաւին պատ­­րաստ չէ ատոր: Հա­­յաս­­տա­­­նի ըն­­կա­­­լումներն ալ տա­­կաւին այդ չեն, որ մէ­­կը դառ­­նայ ու ըսէ՝ ես հա­­ւատա­­ցեալ մահ­­մե­­­տական եմ, բայց ազ­­գութեամբ՝ հայ: Այս մար­­դուն դէմ ի՞նչ դիրք պի­­տի որդեգրուի. Հա­­յաս­­տա­­­նի իշ­­խա­­­նու­­թիւններն ալ չեն գի­տեր տա­­կաւին, որով­­հե­­­տեւ չեն ու­­նե­­­ցած այդ տե­­սակի փորձ մը: 

«ՆՅ» – Վերջապէս նա­խապատ­րաստու­թեան խնդիր մըն ալ կայ, սահ­մա­նը բա­նալը միայն տնտե­սական հարց չէ, ահա­գին ըն­կե­րային, հո­գեբա­նական, կրօ­նական բարդ հար­ցեր կը ստեղ­ծէ, որոնց քննար­կումնե­րը չենք տես­ներ հա­սարա­կու­թեան մէջ։

Բ. Է. – Մենք պե­տու­թիւն ըն­կա­լու­մէն ի՛նչ պի­տի սպա­սենք, եթէ ոչ ասոնց բո­լորին հա­մար ծրա­գրեր մշա­կելը: Պե­տու­թիւն հաս­կա­ցու­թիւնը ա՛յս է որ պի­տի ապա­հովէ մե­զի: Այս խնդիր­նե­րը անոնք, որ­պէս պե­տական գոր­ծիչներ իրենց օրա­կար­գին պի­տի ու­նե­նան, պի­տի աշ­խա­տին: Ամէն ան­գամ որ այս նիւ­թե­րը կ՚արծարծենք, ին­ծի կ՚ըսեն, թէ ինչպէ՞ս կրնաս վստահ ըլ­լալ, որ անոնք ան­կեղծ են, հա­պա եթէ լրտե­սու­թիւն տե­ղի ու­նե­նայ: Լրտե­սու­թեան եթէ պի­տի գայ խնդի­րը, ես վստա­հեց­նեմ որ ահա­գին հայ քրիս­տո­նեայ հա­ւատա­ցեալ հա­յախօս լրտես­ներ ար­դէն ու­նե­ցած ենք ամ­բողջ պատ­մութեան ըն­թացքին եւ մին­չեւ այ­սօր ալ: Այսինքն՝ լրտե­սու­թիւն ընե­լու հա­մար հարկ չկայ, որ մահ­մե­տական մը քրիս­տո­նեայ դառ­նայ կամ ինքզինք հայ ներ­կա­յաց­նէ։ Հե­տեւա­բար, այդ մտա­հոգու­թիւնը ան­հիմն է։ Բայց ասի­կա չի նշա­նակեր, թէ Ազ­գա­յին անվտան­գութեան ծա­ռայու­թիւնը պէտք չէ կա­տարէ անհրա­ժեշտ քննու­թիւններն ու ստու­գումնե­րը, տե­ղեկու­թիւններ չհա­ւաքէ եւ զա­նոնք չար­ձա­նագ­րէ։ Պե­տու­թիւնը պար­տա­ւոր է այդ բո­լորը կա­տարելու։ Թող կաս­կա­ծամիտ ըլ­լայ, ամէն ինչ ստու­գէ, բայց առանց կան­խա­կալ վե­րաբեր­ումով առաջ­նորդո­ւելու եւ մար­դի­կը ի սկզբա­նէ մեր­ժելու։

«ՆՅ» – Պե­տու­թեան կող­քին նաեւ կայ եկե­ղեց­ւոյ, մտա­ւորա­կանու­թեան դիր­քո­րոշու­մը։ Անոնք հա­ւասա­րակշռող ազ­դակներ են։ Այ­սօր որ­քա­նո՞վ եկե­ղեցին ին­քը պատ­րաստ է իս­լա­մացած հա­յերը մկրտե­լու։ Կան հարցեր, որոնք հաւանաբար քննարկումներու առիթ կու տան նոյնիսկ հայկական համայնքներու լայն շրջանակներուն մէջ։ Եթէ խառն ամուսնու­թիւններ ըլ­լան, օրի­նակի հա­մար, ինչպէ՞ս կը դիր­քաւորուին այս ամ­բողջին մէջ։ 

Բ. Է. – Խառն ամուսնու­թիւննե­րու պա­րագան հե­տաքրքրա­կան երե­ւոյթ մըն է, հե­տեւեալ առու­մով. մին­չեւ 20-30 տա­րի առաջ պոլ­սա­հայ իրա­կանու­թեան մէջ այր կամ կին եթէ խառն ամուսնու­թիւն կնքէր, կը հե­ռանար իր հայ մի­ջավայ­րէն եւ կը մաս­նակցնէր աւե­լի մեծ հա­սարա­կու­թեան: Այ­սօր պա­րագան բո­լորո­վին տար­բեր է, այդ խառն ամուսնու­թիւննե­րով մենք կ՚ու­նե­նանք օտա­րազ­գի նոր ան­դամներ մեր հա­մայնքին մէջ՝ ոչ-հայ հար­սեր կամ ոչ-հայ փե­սաներ, որոնք իրենց զա­ւակ­նե­րը կը դաս­տիարա­կեն հա­յեցի կեր­պով, կը նա­խընտրեն իրենց զա­ւակ­նե­րը ղրկել հայ­կա­կան վար­ժա­րան­ներ: Այս երե­ւոյ­թէն դրա­կան ակնկա­լու­թիւններ ու­նիմ։ Ին­չո՞ւ չէ, թող մեր ժո­ղովուրդը գե­ղեց­կա­նայ իր բազ­մա­զանու­թեամբ։ «Զտա­րիւն հայ» հաս­կա­ցու­թիւնը ին­ծի հա­մար ցե­ղապաշ­տա­կան է։ Ես «մա­քուր հայ­կա­կան արիւն» կամ որո­շակի ծա­գում չեմ փնտռեր մար­դոց մէջ։ Ին­ծի հա­մար կա­րեւոր են մար­դու մշա­կոյ­թը, մտա­ծողու­թիւնը, գա­ղափար­ներն ու ար­դի աշ­խարհահա­յեաց­քը։ Ի՞նչ ընեմ այն հա­յը, որ իր­մէ տար­բեր ամէն մարդ օտար կը նկա­տէ։ Այդպի­սի կեր­պար մը ին­ծի հա­մար նա­խընտրե­լի չէ։ Ես կը նա­խընտրեմ այն հա­յը, որ կրնայ բո­լորին հետ լե­զու գտնել, խո­րապէս գի­տակ­ցիլ իր ինքնու­թեան, ճանչնալ իր մշա­կոյթն ու պատ­մութիւ­նը եւ, այդ գի­տելիք­նե­րով զի­նուած, խա­ղաղ ու ճա­կատա­բաց երկխօ­սու­թեան մէջ մտնել աշ­խարհի միւս ժո­ղովուրդնե­րուն հետ։ Ահա՛ ին­ծի հա­մար ըն­դունե­լի հա­յու կերպարը։ 

«ՆՅ» – Որ­քա­նո՞վ Թուրքիա-Ազեր­պայճան-Հա­յաս­տան յա­րաբե­րու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յիս խնդրա­յարոյց հար­ցեր մէջ­տեղ կը բե­րեն եւ Սփիւռքի կող­մէ այս հար­ցե­րը ինչպէ՞ս կ՚ըն­կա­լուին եւ Սփիւռքի հա­մայնքնե­րու դիր­քո­րոշումնե­րը որ­քա­նո՞վ կ՚ազ­դուին այս յա­րաբե­րու­թիւննե­րէն։ 

Բ. Է. – Նախ պար­տինք խոս­տո­վանիլ, թէ Սփիւռքը վի­րաւոր ինքնու­թիւն մըն է, Հա­յաս­տանն ալ այդպէս է, բայց Հա­յաս­տա­նը 1918-էն այս կողմ ու­նի ու­րիշ յատ­կա­նիշ մը եւս՝ պե­տակա­նու­թեա՛ն յատ­կա­նիշը: Հա­յաս­տա­նը ակումբ մը չէ, Հա­յաս­տա­նը կու­սակցու­թիւն մը չէ: Հա­յաս­տա­նը 1918-էն ի վեր պե­տու­թիւն է: Մենք որ եր­կար դա­րեր պե­տակա­նու­թիւն չենք ու­նե­ցած, 20-րդ դա­րու ըն­թացքին երեք ան­գամ պե­տու­թիւն կա­ռու­ցե­լու փոր­ձը ապ­րե­ցանք: 1918-ին, 1920-ին եւ 1991-ին… իրար­մէ տար­բե­րող երեք պե­տու­թիւններ: Բայց կայ ու­րիշ զար­մա­նալի երե­ւոյթ մը. մենք պե­տու­թիւն կազ­մե­լու հա­մար ճամ­բայ չե­լանք, պե­տու­թեան ձե­ւաւո­րու­մը եղաւ ինքնա­բերա­բար եւ մենք յայտնուեցանք կա­տարուած իրողութեան մը առջեւ: Մեր շուրջ պայ­մաննե­րը այնպէս ձե­ւաւո­րուե­ցան, որ գո­յանար ան­կախ Հա­յաս­տան մը 1918-ին, եւ դար­ձեալ կող­քի պայ­մաննե­րու բե­րու­մով իր տե­ղը զի­ջէր Խորհրդա­յին Հա­յաս­տա­նին: Խորհրա­յին Հա­յաս­տա­նի մէջ ու­նե­ցանք ճար­տա­րագի­տակա­նօրէն զար­գա­ցած եր­կիր, ու­նե­ցանք ար­դիաշունչ մայ­րա­քաղաք, բայց Խորհրդա­յին Միու­թեան տա­րան­ջա­տումն ալ մեր կամ­քը չէր: Մեզ­մէ ան­կախ գոր­ծօննե­րու հե­տեւան­քով այդ հա­մակար­գը ցրուեցաւ եւ մենք եր­րորդ ան­գամ ու­նե­ցանք ան­կախ պե­տակա­նու­թիւն: Հի­մա այդ պե­տակա­նու­թիւնը տա­կաւին Սփիւռքէն պէտք եղա­ծին չափ լուրջ կեր­պով չի դի­տուիր: Տա­կաւին Սփիւռքը կ՚ու­զէ որ իր կու­սակցու­թիւննե­րով կամ ակումբնե­րով, միու­թիւննե­րով, սի­րողա­կան մեր­ձե­ցումնե­րով ձեւ տայ այդ պե­տակա­նու­թեան: Բան մը, որ այդքան ալ կա­րելի չէ: Մէկ կող­մէն ալ արե­ւելա­հայ-արեւմտա­հայ մշա­կու­թա­յին ճեղ­քեր կան մեր մի­ջեւ: Մենք դպրո­ցական տա­րինե­րուն հայ գրա­կանու­թիւն կը սոր­վէինք առանց Եղի­շէ Չա­րեն­ցի անու­նը լսե­լու, առանց Պա­րոյր Սե­ւակի, Յով­հաննէս Թու­մա­նեանի անու­նը լսե­լու: Այդ բո­լորը մեզ­մէ դիտ­մամբ հե­ռու պա­հած էին եւ մե­զի կը դա­սաւան­դէին Զար­թօնքի շրջա­նի գրա­կանու­թիւնը, պոլ­սա­հայ գրող­նե­րը՝ Մատ­թէոս Զա­րիֆեան, Պետ­րոս Դու­րեան, Դա­նիէլ Վա­րու­ժան, յար­գե­լի անուններ, բայց մշա­կու­թա­յին մեր կա­ղապա­րը միայն ատով սահ­մա­նուած չէր: Այ­սօր աւե­լի նոր պա­տաս­խա­նատ­ւութիւններ կան թէ՛ սփիւռքա­հայու­թեան դի­մաց, թէ՛ Հա­յաս­տա­նի հա­սարա­կու­թեան դի­մաց եւ մենք ստի­պուած ենք այդ լայն պա­տաս­խա­նատ­ւութիւ­նը ար­ժա­նի կեր­պով դի­մագ­րա­ւելու: Թէ՛ հա­մաշ­խարհա­յին գետ­նի վրայ մենք մեր ար­ժա­նի տե­ղը պի­տի ու­նե­նանք, պի­տի պա­հենք, եւ թէ պի­տի չօ­տարա­նանք մեր մշա­կոյ­թին: Այ­սօր Հա­յաս­տա­նը հա­մաշ­խարհա­յին քար­տէ­սին վրայ կրնայ երե­ւիլ շատ փոքր, բայց զու­գա­հեռա­բար հա­յոց թիւն ալ շատ փոքր է աշ­խարհի մէջ: Հե­տեւա­բար այ­սօր այս եր­կի­րը մեր ժո­ղովուրդին հա­մար բա­ւարար եր­կիր է, մենք հող նուաճե­լու կա­րիքը չու­նինք, պար­զա­պէս մեր ծան­րութիւ­նը ար­դա­րաց­նե­լու կա­րիքը ու­նինք: 10 մի­լիոն հա­յու­թիւնը իր բա­ժինը պէտք է ու­նե­նայ հա­մաշ­խարհա­յին մտայ­նութեան մէջ, մտա­ծողու­թեան մէջ, ձայ­նի իրա­ւունքին մէջ: Պա­ղես­տի­նի մէջ բան մը որ կը կա­տարուի եւ սխալ է, այդ սխա­լին դէմ մեր բո­ղոքը պէտք է լսե­լի ըլ­լայ: Մեր կե­ցուած­քը պէտք է ար­դա­րամիտ ըլ­լայ, հա­մաշ­խարհա­յին ար­դա­րու­թեան կող­քին ըլ­լայ:

Հար­ցազրոյ­ցը վա­րեց՝

ԺԻ­ՐԱՅՐ ՉՈ­ԼԱՔԵԱՆ ■

Հար­ցազրոյ­ցին տե­սանիւ­թը՝ ստորեւ.-