Պարէտ Մարոնեանի՝ եզիտիներու ցեղասպանութեան նուիրուած վաւերագրական ժապաւէնը մրցանակի արժանացած է Գանատայի մէջ
Պարէտ Մարոնեան՝ կեդրոնը, իր մրցանակով
Ամերիկահայ անուանի բեմադիր Պարէտ Մարոնեանի վերջին վաւերագրական ժապաւէնը՝ «Տասը տարի ետք. եզիտիներու ցեղասպանութիւնը» (10 Years On: The Yazidi Genocide), արժանացած է լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէնի մրցանակին՝ Գանատայի Օնթարիօ նահանգին մէջ տեղի ունեցած Forest City շարժանակարի 11-րդ փառատօնին։
«Էմմի» մրցանակի քառակի դափնեկիր եւ Armenoid Productions շարժանկարի արտադրական ընկերութեան հիմնադիր Պարէտ Մարոնեան այս ժապաւէնը պատրաստած է ոգեկոչելու համար 2014-ին Իրաքի Սինճարի շրջանին մէջ «Իսլամական պետութիւն» (ՏԱՀԷՇ) ահաբեկչական կազմակերպութեան կողմէ եզիտիներուն դէմ գործուած ցեղասպանութեան տասներորդ տարելիցը։
Պատմական անարդարութիւններն ու մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումները միջազգային հանրութեան ուշադրութեան յանձնելու իր աշխատանքով ծանօթ բեմադիրին նշանաւոր գործերէն են «Ցեղասպանութեան որբերը» (Orphans of the Genocide), «1915-ի կիները» (Women of 1915) եւ «Ցեղասպանութիւն 2.0. ցեղային զտումներ Արցախի մէջ» (Genocide 2.0: Ethnic Cleansing in Artsakh) վաւերագրական ժապաւէնները։ Վերջինը 2026 հոկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու մէջ կայացած Chagrin վաւերագրական շարժանկարի փառատօնին արժանացած էր հանրային գիտակցութեան բարձրացման նուիրուած լաւագոյն ժապաւէնի մրցանակին։
