Ռուսաստան կը դիւրացնէ արտասահմանի իր քաղաքացիներուն ունեցուածքին մասին տեղեկութիւններու ձեռքբերումը

Փութին

Հայաստան չի մասնակցիր նոր համաձայնագրին

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Նոյեմբեր 2-ին վաւերացուցած է նախկին խորհրդային շարք մը երկիրներու միջեւ կնքուած համաձայնագիր մը, որուն համաձայն՝ ստորագրող պետութիւններու համապատասխան մարմինները պիտի կարենան իրարու փոխանցել պարտապաններու դրամական միջոցներուն եւ ունեցուածքին վերաբերող տեղեկութիւններ։

2025-ին ստորագրուած համաձայնագրին մասնակիցներն են Ռուսաստանը, Ազերպայճանը, Պելառուսը, Ղազախստանը, Քիրկիզստանը, Տաճիկստանը եւ Ուզպէքիստանը։ Թէեւ նախնական հաղորդումներու մէջ Հայաստան եւս յիշուած էր ստորագրողներուն շարքին, սակայն հետագային սրբագրուած է տեղեկութիւնը։

Համաձայնագիրը կը նախատեսէ տեղեկութիւններու փոխանակում պարտապաններու աշխատանքի վայրին, եկամուտներուն, դրամատնային հաշիւներուն, անշարժ գոյքին, փոխադրամիջոցներուն եւ ընկերութիւններու մէջ ունեցած բաժնեմասերուն վերաբերեալ։ Այդ տեղեկութիւնները պիտի օգտագործուին դատական որոշումներու գործադրութիւնը ապահովելու նպատակով։

Սակայն նոր կարգադրութիւնը մտահոգութիւն յառաջացուցած է իրաւապաշտպան շրջանակներուն մէջ։ Ըստ փաստաբան Եւկենի Սմիրնովի՝ Մոսկուա կրնայ այս միջոցը գործածել արտասահման հաստատուած ռուս քաղաքացիներու ունեցուածքը յայտնաբերելու եւ, համապատասխան դատական ընթացակարգերէ ետք, անոր բռնագրաւումը պահանջելու համար։

Իրաւապաշտպանները կը զգուշացնեն, որ տեղեկութիւններու փոխանակումը կրնայ վտանգել նաեւ քաղաքական պատճառներով Ռուսաստանէն մեկնած անձերը, մասնաւորաբար եթէ անոնք կապեր ունին Մոսկուայի կողմէ արգիլուած կամ «ծայրայեղական» նկատուող կազմակերպութիւններու հետ։

Մտահոգութիւնը ա՛լ աւելի կը խորանայ այն պատճառով, որ Սեպտեմբերէն ի վեր Ռուսաստանի մէջ ի զօրու դարձած են նոր դրոյթներ, որոնք որոշ պայմաններու մէջ կ՚արտօնեն առգրաւել իշխանութիւններուն կողմէ «ծայրայեղական» որակուած գործունէութեան համար հետապնդուող անձերու գոյքը։

Այսպէսով, դատական որոշումներու գործադրութեան համար նախատեսուած համաձայնագիրը, ըստ իրաւապաշտպաններուն՝ կրնայ նաեւ քաղաքական ճնշումի նոր միջոցի մը վերածուիլ։