Փաշինեան. «Մենք՝ հայերս, առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդը չենք»
Նոյեմբեր 6-ին, Երեւանի մէջ ընթացող Համաշխարհային հայկական երրորդ վեհաժողովին ելոյթ ունենալով՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, թէ հայերը առաջին ժողովուրդը չեն, որ ընդունած են քրիստոնէութիւնը, այլ Հայաստանը առաջին պետութիւնն է, որ զայն հռչակած է պետական կրօն։
“Ինչո՞ւ մենք՝ հայերս, քրիստոնեայ ենք։ Հայերը առաջին ժողովուրդը չեն, որ ընդունած են քրիստոնէութիւնը։ Հայաստանը քրիստոնէութիւնը ընդունած առաջին պետութիւնն է”,– ըսաւ վարչապետը՝ յիշեցնելով, որ 301 թուականին Տրդատ Գ. թագաւորին որոշումով քրիստոնէութիւնը դարձաւ Հայաստանի պետական կրօնը։
Փաշինեան այս օրինակով փորձեց հիմնաւորել իր առաջադրած «Իրական Հայաստան»-ի գաղափարախօսութիւնը, որուն կեդրոնը կը գտնուի պետութիւնը։ Ըստ իրեն՝ հայկական ազգային ինքնութիւնը, մշակոյթն ու պատմական ժառանգութիւնը անքակտելիօրէն կապուած են պետականութեան հետ։
Վարչապետը շեշտեց, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր յարաբերութիւնները կը վերասահմանէ Սփիւռքին հետ։ Անոր համաձայն՝ հայրենիքը պէտք է ընկալուի ոչ միայն իբրեւ պատմական ու զգացական պատկանելիութիւն, այլեւ իբրեւ պետութիւն՝ իր օրէնքներով, հաստատութիւններով եւ քաղաքացիներուն հանդէպ պատասխանատւութեամբ։
Իր կարգին, Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան ընդգծեց, որ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները պէտք է կառուցուին փոխադարձ գործակցութեան վրայ՝ Սփիւռքի ներուժը Հայաստանի զարգացման ի սպաս դնելով եւ հայրենիքը դարձնելով այնպիսի երկիր մը, ուր սփիւռքահայերը եւս պիտի փափաքին հաստատուիլ։
