Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԻՍՐԱՅԷԼ – ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆ – Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարարը՝ Պայրամովին. «Մենք պէտք է միասնաբար գործենք ընդդէմ Իրանի» 

Ըստ ազերպայճանական APA գործակալութեան՝ Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհէն Մարտ 29-ին Ազերպայճանի իր պաշտօնակից Ճեյհուն Պայրամովի հետ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին յայտարարած է, թէ «Իրան կը սպառնայ մեր տարածաշրջանին եւ անկայունութիւն կը ստեղծէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ՝ աջակցելով եւ գանձատրելով ահաբեկչութիւնը։ Մենք պէտք է միասնաբար գործենք Իրանի դէմ։ Մենք պէտք չէ թոյլ տանք Իրանին ընդլայնել իր հիւլէական ներուժը»։

Ան աւելցուցած է, թէ Իսրայէլ եւ Ազերպայճան կը համագործակցին տարածաշրջանային ապահովութեան, ուժանիւթի, զբօսաշրջութեան եւ այլ բնագաւառներու մէջ։