Փարիզի մէջ գիտաժողով՝ նուիրուած «Pro Armenia» հանդէսին եւ ֆրանսական հայասիրական շարժումին
Փարիզի մէջ, Ֆրանսայի ազգային գրադարանի (BnF) Ռիշըլիէօ մասնաշէնքին մէջ, Նոյեմբեր 3-ին տեղի ունեցաւ «Pro Armenia» հանդէսին եւ Ֆրանսայի հայասիրական շարժումի պատմութեան նուիրուած գիտաժողով մը։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Ֆրանսայի ազգային գրադարանին, Հասարակական գիտութիւններու բարձրագոյն ուսմանց դպրոցին (EHESS) եւ Բարձրագոյն նորմալ դպրոցին (ENS) կողմէ՝ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան աջակցութեամբ։
Գիտաժողովը նուիրուած էր 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբին ֆրանսացի մտաւորականներու եւ քաղաքական գործիչներու հայանպաստ գործունէութեան։ Անոր առանցքային նիւթերէն էր 1900-ին Փարիզի մէջ հիմնուած «Pro Armenia» հանդէսը, որ կարեւոր դեր խաղացած էր Օսմանեան կայսրութեան հայութեան կացութիւնը միջազգային հանրութեան ուշադրութեան յանձնելու եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն ի պաշտպանութիւն ֆրանսական շրջանակները համախմբելու գործին մէջ։
Հանդէսին շուրջ համախմբուած էին ժամանակի նշանաւոր մտաւորականներ եւ քաղաքական դէմքեր, որոնց շարքին՝ Ժան Ժօրէս, Ժորժ Գլեմանսօ, Անաթոլ Ֆրանս եւ Ֆրանսիս տը Փրեսանսէ։ Հրատարակութեան առաջին թիւը լոյս տեսած էր 1900 Նոյեմբեր 25-ին՝ Փիէր Քիյառի խմբագրապետութեամբ։

Գիտաժողովին բացման խօսքով հանդէս եկան Ֆրանսայի ազգային գրադարանի նախագահ Ժիլ Փեքու, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ֆլորիան Էսքիւտիէ եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան։ Վերջինս անդրադարձաւ հայասիրական շարժման պատմական նշանակութեան եւ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու ներկայ զարգացումներուն։

Այս ծիրին մէջ յիշատակուեցաւ նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի՝ Մայիսին Հայաստան կատարած պետական այցելութիւնը, որուն ընթացքին ստորագրուած էր երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական գործակցութեան հռչակագիրը։ Նոյն այցելութեան ընթացքին Ֆրանսայի ազգային գրադարանը գործակցութեան յուշագրեր կնքած էր Մատենադարանին եւ «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին հետ՝ շարունակելով Հայաստանի ազգային գրադարանին հետ 2025-ին հաստատուած գործակցութիւնը։
Գիտաժողովին մասնակցեցան նաեւ «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէն Սիւզաննա Խոճամիրեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնի պաշտօնակատար Հրաչեայ Թաշչեան։

