Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԹՈՒՐՔԻԱ – Մկրտիչ Մարկոսեանի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ՝ Տիգրանակերտի մէջ

Ապրիլ 2-ին, արեւմտահայ նշանաւոր արձակագիր Մկրտիչ Մարկոսեանի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ մը կազմակերպուած է իր ծննդավայր Տիգրանակերտի առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատին մէջ,  մահուան առաջին տարելիցին առիթով։

Տիգրանակերտի մշակոյթի եւ փոխօգնութեան հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած միջոցառման հիմնական բանախօսները եղած են՝ Շեհմուս Տիքեն, Ուտի Երուանդ, Յովհաննէս Կաֆուր Օհանեան և Ահմետ Չաքմաք։

Ելոյթ ունեցած է նաև Առեւտրի եւ արդիւնաբերութեան պալատի նախագահ Մեհմետ Քայա, որ մասնաւորապէս անդրադարձած է Մարկոսեանի՝ հայրենի Տիգրանակերտի հանդէպ տածած սիրոյն, որ բանախօսի յիշեցումով արտացոլուած է նաեւ անոր գրական երկերուն մէջ։

Միւս բանախօսներն ալ պատմած են Մարկոսեանի հետ կապուած իրենց յուշերն ու տպաւորութիւնները։

Աւարտին հայ երաժիշտ Ուտի Երուանդի կատարողութեամբ կարճատեւ համերգ մը ներկայացուած է հանդիսատեսին։