Եւրոպա կ՚ուզէ աւելի ու աւելի կազ գնել Ազերպայճանէն
Ռուսական կազէն նուազ կախեալ ըլլալու նպատակով, եւրոպական շարք մը երկիրներ կը փափաքին աւելցնել Ազերպայճանէն ուժանիւթի ներածումները։ Այս հարցը արծարծուած է Նոյեմբեր 12-ին, Տապլինի մէջ կայացած Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին ընթացքին։
Վեց երկիրներու ղեկավարներ պատրաստակամութիւն յայտնած են ընդլայնելու Ազերպայճանի հետ ուժանիւթի գործակցութիւնը։ Անոնցմէ չորսը՝ Լիթուանիա, Իռլանտա, Մոլտաւիա եւ Չեխիա, ներկայիս ազերպայճանական կազ չեն գներ։
Պուլկարիոյ վարչապետ Ռումէն Ռատեւ յայտարարած է, թէ իր երկիրը կ՚ուզէ աւելցնել Ազերպայճանէն կազի ներածումները։ Ան անդրադարձած է նաեւ Ազերպայճանը, Վրաստանը, Թուրքիան եւ Պուլկարիան իրարու կապող կանաչ ուժանիւթի միջանցքի ստեղծման ծրագրին։
Չեխիոյ վարչապետ Անտրէյ Պապիշ շեշտած է կազի մատակարարման աղբիւրները բազմազան դարձնելու անհրաժեշտութիւնը, իսկ Մոլտաւիոյ նախագահ Մայա Սանտու յիշեցուցած է ռուսական ուժանիւթէն նուազ կախեալ ըլլալու ուղղութեամբ իր երկրին գործադրած ջանքերը։
Վեհաժողովին քննարկուած է նաեւ Հայաստանի տարածքով Ազերպայճանն ու Նախիջեւանը իրարու կապելու TRIPP ծրագիրը։ Լիթուանիոյ նախագահ Կիթանաս Նաուսետա կարեւոր նկատած է տարածաշրջանային փոխադրութեան եւ ուժանիւթի ցանցերու զարգացումը։
Ռուսաստանի՝ Ուքրաինայի դէմ պատերազմէն ի վեր, Եւրոպա կը ջանայ բազմազան դարձնել կազի մատակարարման իր աղբիւրները։ Եւրոպական յանձնաժողովի տուեալներով՝ Եւրոպական Միութեան ներածած կազին ռուսական բաժինը 2021-ի 45 տոկոսէն 2025-ին նուազած է 12 տոկոսի։
Թէեւ ազերպայճանական կազը տակաւին համեմատաբար փոքր բաժին մը կը կազմէ եւրոպական շուկային մէջ, Հարաւային կազային միջանցքով Եւրոպական Միութիւն մատակարարումները 2021-2024-ին աւելցած են աւելի քան 40 տոկոս։
Այս պայմաններուն մէջ պարզապէս պատրանք է ակնկալել, որ Եւրոպա դոյզն իսկ հակազդեցութիւն ցուցաբերէ կամ նուազագոյն միջոցի դիմէ Ազերպայճանի խնդրայարոյց արարքներուն ու գործելակերպին դէմ։ Հոս կ՚արժէ նաեւ յիշեցնել, որ բազմիցս կասկածներ յայտնուած են ռուսական կազը Ազերպայճանի միջոցով, «ազերպայճանական» պիտակով եւրոպական շուկաներուն վաճառելու մասին։ Բայց ի՜նչ փոյթ։ Կարեւորը երեւոյթները փրկելով՝ սեփական շահերը հետապնդելն է։
