ՀԱՊԿ-ն Հայաստանը զրկեց ձայնի իրաւունքէն

ՀԱՊԿ


Մոսկուայի վեհաժողովը որոշեց նաեւ կասեցնել Կազմակերպութեան պատասխանատու պաշտօններուն հայաստանցի ներկայացուցիչներ առաջադրելու իրաւունքը։

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ պետութիւններու ղեկավարները Նոյեմբեր 11-ին, Մոսկուայի մէջ գումարուած վեհաժողովին, որոշեցին Հայաստանը զրկել Կազմակերպութեան մարմիններուն մէջ ձայնի իրաւունքէն։

Որոշումը կը յաջորդէ Հայաստանի եւ ՀԱՊԿ-ի միջեւ յարաբերութիւններու աստիճանական վատթարացումին։ Երեւան 2024-ին սառեցուցած էր իր մասնակցութիւնը Կազմակերպութեան աշխատանքներուն եւ դադրեցուցած անդամավճարներուն փոխանցումը՝ պատճառաբանելով, թէ ռազմական դաշինքը չէր կատարած Հայաստանի անվտանգութեան հանդէպ իր պարտաւորութիւնները։

Նոյեմբեր 10-ին Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած էր, թէ Հայաստանի չվճարած անդամավճարներուն պատճառով Մոսկուա առաջարկած է կիրարկել ՀԱՊԿ-ի կանոնադրութեան 25-րդ յօդուածը։

Յաջորդ օրը, վեհաժողովի աւարտին, Ռուսաստանի նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով հաստատեց որոշման ընդունումը՝ նշելով, որ Հայաստան նաեւ պիտի զրկուի կազմակերպութեան պատասխանատու պաշտօններուն իր քաղաքացիները առաջադրելու իրաւունքէն։

Ըստ կանոնադրութեան՝ այս սահմանափակումները կը շարունակուին մինչեւ պարտքին ամբողջական վճարումը։

ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թաալաթպէկ Մասատիքով յայտնեց, թէ Հայաստանի արտաքսման հարցը չէ քննարկուած։ Հետեւաբար, Երեւան պաշտօնապէս կը շարունակէ մնալ Կազմակերպութեան անդամ՝ առանց ձայնի իրաւունքի։