Անգարա–Պաքու լարումին ետին ուրի՞շ հաշիւ կայ…
Թուրքիոյ ներդրումային հիմնադրամներու գայթակղութիւնը նոր հարցականներ կը յառաջացնէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն շուրջ։ Սակայն Իլհամ Ալիեւի ենթադրեալ կորուստներուն մասին պնդումները տակաւին չեն հաստատուած։
Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի միջեւ վերջին ամիսներուն ծագած տարակարծութիւնները նոր մեկնաբանութիւններու առիթ տուած են։ Բացի գլխաշորի հարցին, Իսրայէլի հետ Պաքուի յարաբերութիւններուն եւ Արցախեան պատերազմի շուրջ յայտնուած անհամաձայնութիւններէն, թրքական մամուլին մէջ սկսած են շրջիլ նաեւ երկու երկիրներու միջեւ ենթադրեալ դրամական վէճի մը մասին պնդումներ։
Դրամական հարցերու շուրջ տարակարծութեան կարելիութեան անդրադարձած էր նաեւ BBC-ի ազերպայճանական ծառայութիւնը՝ Հոկտեմբեր 30-ին հրապարակուած ուսումնասիրութեամբ։ Ան կը յիշատակէր Ազերպայճանի իշխանութիւններուն մօտիկ Day.az կայքին Հոկտեմբեր 18-ի յօդուածը, որ կը շեշտէր, թէ Ազերպայճանի պետական պիւտճէն չի կրնար Թուրքիոյ պատասխանատուներուն համար պահեստային դրամարկղի դեր կատարել։
Այս քննարկումները կը զուգադիպին Թուրքիոյ ներդրումային հիմնադրամներու շուրջ ծագած ֆինանսական մեծ գայթակղութեան։ Խնդրոյ առարկայ հիմնադրամներուն տնօրինած միջոցները միլիառաւոր տոլարներու կը հասնին։ Ուշագրաւ է, որ գայթակղութիւնը հասած է մինչեւ Էրտողանի քաղաքական մերձաւոր շրջանակները։ Արդարեւ, Ֆաթմա Պեթիւլ Սայան Քայա մինչեւ Սեպտեմբեր իշխանութեան Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահներէն էր։
Նախկին նախարարը Նոյեմբեր 6-ին կալանաւորուեցաւ՝ արժեթուղթերու շուկայի օրէնսդրութեան խախտումներու եւ ոճրային խմբաւորման անդամակցութեան մեղադրանքներով։ Ան կը մերժէ իրեն վերագրուած յանցանքները։
Յաջորդ օրը՝ Նոյեմբեր 7-ին, Ազերպայճանի նախկին դիւանագէտ Արիֆ Շահմարլը, լրագրող Թուրալ Սատըքլըի «Azad Söz» հաղորդման ընթացքին, առաջ քաշեց ուշագրաւ վարկած մը։ Ըստ անոր՝ Իլհամ Ալիեւ եւ անոր մերձաւորները կրնան մեծ գումարներ ներդրած ըլլալ Թուրքիոյ խնդրոյ առարկայ հիմնադրամներէն մէկուն մէջ եւ զգալի կորուստներ կրած։
Շահմարլը ենթադրեց, թէ Ալիեւ կրնայ պահանջած ըլլալ վերադարձնել կորսուած գումարները, ինչ որ, իր կարծիքով, կրնար բացատրել Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ վերջին լարումը։ Ան ակնարկեց նաեւ Ազերպայճանի պետական քարիւղի SOCAR ընկերութեան ենթադրեալ ներդրումներուն։
Սակայն նախկին դիւանագէտը իր պնդումները հաստատող փաստաթուղթեր չներկայացուց։ Չյստակացուց նաեւ, թէ ո՛ր հիմնադրամին կամ ի՛նչ գումարներու մասին կը խօսէր։ Այս պնդումները անկախ աղբիւրներով չեն հաստատուած։
Նոյեմբեր 8-ին Էրտողան այցելեց Ազերպայճան եւ Շուշիի մէջ հանդիպեցաւ Ալիեւի հետ։ Երկու ղեկավարները հրապարակաւ վերահաստատեցին իրենց երկիրներու սերտ դաշնակցութիւնը՝ փորձելով փարատել յարաբերութիւններու վատթարացման մասին շրջող կասկածները։
Այսպէսով, մինչ Անգարա եւ Պաքու կը շարունակեն շեշտել իրենց դաշնակցութեան ամրութիւնը, ֆինանսական տարակարծութիւններու մասին նոր պնդումները կը շարունակեն քննարկուիլ մամուլին եւ ընկերային ցանցերուն վրայ։
Առայժմ, սակայն, որեւէ հաստատուած փաստ չկայ, թէ Թուրքիոյ ներդրումային հիմնադրամներու գայթակղութիւնը անմիջական կապ ունի Ալիեւի անձնական ունեցուածքին կամ երկու նախագահներուն միջեւ ենթադրեալ դրամական վէճի մը հետ։
***
Կան նաեւ պնդումներ, թէ Արցախ իր վերջին այցելութեան, Էրտողան իրեն հետ Ալիեւին տարած է 1,5 միլիառ տոլար, մեղմելու համար կիրքերը։ Այս մասին եւս առայժմ որեւէ շօշափելի ապացոյց չէ հրապարակուած։
Այս բոլորին վրայ կու գայ աւելնալու այլ ուշագրաւ հանգամանք մը։
Յիշենք, որ 2024-ի Յուլիսին, Իսրայէլի հասցէին ուղղուած իր սպառնալիքներուն ընթացքին, Էրտողան յայտարարած էր. «Ինչպէս որ Արցախ մտանք, ինչպէս որ Լիպիա մտանք, կրնանք նոյնը ընել նաեւ հոն»։ Այս խօսքերով Թուրքիոյ նախագահը կարծէք Արցախեան պատերազմի յաղթանակին մէջ իր երկրին վերապահած էր շատ աւելին, քան աջակցող դաշնակիցի մը դերը։
Նոյեմբեր 8-ին, Շուշիի մէջ, Ալիեւ շեշտեց ազերպայճանական բանակին եւ զինուորներուն դերը՝ յաղթանակը վերագրելով անոնց անձնազոհութեան։ Թէեւ ան միաժամանակ «մակերեսային շնորհակալութիւն» մըն ալ յայտնեց Էրտողանին եւ Թուրքիոյ ժողովուրդին իրենց աջակցութեան համար, բայց եւ այնպէս իր արտայայտութիւնները կարելի էր ընկալել իբրեւ յիշեցում մը, թէ պատերազմին յաղթանակը նախ եւ առաջ ի՛րն է, Ազերպայճանի՛ն կը պատկանի։
Բայց թերեւս աւելի խօսուն են երկու նախագահներուն վերջին հանդիպումներէն տարածուած պատկերները։ Անոնք, որոնք առիթը ունեցան համացանցով հետեւելու Էրտողանի Նոյեմբեր 8-ի Արցախ այցելութեան եւ երեք օր ետք Ալիեւի՝ Անթալիա ներկայութեան, անկասկած նշմարեցին ուշագրաւ մանրամասնութիւն մը. երկու պարագաներուն ալ Էրտողանն է, որ կը մտնէ Ալիեւի թեւը, եւ ոչ թէ հակառակը։
Էրտողանի նման իր հեղինակութիւնը շեշտելու սովորութիւն ունեցող, ինքնահաւան եւ ընդհանրապէս որոշ հեռաւորութիւն պահող պետական ղեկավարի մը կողմէ այս նախաձեռնութիւնը առնուազն տարօրինակ կը թուի։ Դիտողին մօտ ինքնաբերաբար կը ստեղծուի այն տպաւորութիւնը, թէ Էրտողանն է, որ կը ջանայ մեղմել լարումը եւ ամէն գնով պահպանել մտերմութեան արտաքին պատկերը, այնպիսի կեցուածքով մը, կարծէք վէճի մը մէջ տկար դիրքի վրայ գտնուող կողմը ըլլար եւ փորձէր վերստին սիրաշահիլ դիմացինը կամ փարատել անոր սրտնեղութիւնը։
Անշուշտ, քաղաքական ղեկավարներու շարժուձեւերը միշտ չէ, որ կը բացայայտեն անոնց իրական մտադրութիւնները, սակայն, չնչին մանրամասնութիւններ, «անճարակ» շարժում մը, «ծուռ» խօսք մը երբեմն կրնան մատնել այն, ինչ որ պաշտօնական ժպիտներն ու յայտարարութիւնները կը փորձեն ծածկել։ Եւ այս պարագային՝ երկու նախագահներուն շարժուձեւերը, անկասկած հետաքրքրական ուսումնասիրութեան նիւթ պիտի դառնան մարմնի լեզուի մասնագէտներուն համար։
Ի վերջոյ, միայն երկու նախագահներն ու անոնց անմիջական շրջապատը կրնան գիտնալ, թէ ի՛նչ կը պահուի հրապարակաւ ցուցադրուող այս եղբայրութեան ետին։
