Փաշինեան Անթալիոյ մէջ հանդիպեցաւ նաեւ Մոնթենեկրոյի եւ Իրանի նախագահներուն

Փաշ-Փեզ

Նոյեմբեր 11-ին Անթալիոյ մէջ, COP31-ի ղեկավարներու վեհաժողովին առընթեր, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն բացի, առանձին հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Մոնթենեկրոյի նախագահ Եաքով Միլաթովիչի եւ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի հետ։

Մոնթենեկրոյի նախագահին հետ քննարկուեցան երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացումը, տարբեր մարզերու մէջ գործակցութեան ընդլայնումը եւ բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւններու կազմակերպումը։ Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործակցութեան հեռանկարներուն, տարածաշրջանային զարգացումներուն եւ փոխադրութեան կապերու բարելաւման ուղղուած քայլերուն։

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի հետ հանդիպման ընթացքին գլխաւոր նիւթը հայ-իրանական գործակցութեան ամրապնդումն էր։ Երկու ղեկավարները անդրադարձան Երեւանի մէջ վերջերս գումարուած Հայաստան-Իրան միջկառավարական յանձնաժողովի նիստին ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն եւ անոնց գործադրութեան անհրաժեշտութեան։

Փաշինեան եւ Փեզեշքեան ընդգծեցին, թէ երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ յաճախակի հանդիպումները կը նպաստեն հայ-իրանական կապերու զարգացման եւ տարբեր մարզերու մէջ գործակցութեան ընդլայնման։