Ազերպայճանի մէջ հոգեւորականներուն կ՚արգիլուի պետական պաշտօն ստանձնել

Ալիեւ

Ազերպայճան, գլխաշոր կրելու սահմանափակումներ հաստատող իր որոշումով արդէն իսկ մեծ աղմուկ բարձրացնելէ ետք, նոր քայլ մը եւս կ՚առնէ, որ կրնայ ա՛լ աւելի զայրացնել Թուրքիոյ կրօնամոլ շրջանակները։

Նախագահ Իլհամ Ալիեւ Նոյեմբեր 16-ին ստորագրած է պետական ծառայութեան նոր օրէնսգիրքի գործադրութեան հրամանագիրը, որուն համաձայն՝ կրօնական պաշտօնեաները, ներառեալ իսլամ հոգեւորականները, չեն կրնար պետական ծառայութեան պաշտօններ ստանձնել։

Նոր օրէնսգիրքը կը նախատեսէ նաեւ, որ պետական պաշտօնի թեկնածուներուն կրօնական գործունէութեամբ զբաղած ըլլալը ստուգուի համապատասխան պետական մարմիններուն կողմէ։ Այս սահմանափակումը կը վերաբերի մասնագիտական կրօնական գործունէութիւն ծաւալող անձերուն եւ ոչ թէ պարզապէս կրօնական համոզումներ ունեցող կամ աստուածաբանական կրթութիւն ստացած քաղաքացիներուն։

Որոշումը կու գայ այն բանավէճերէն ետք, որոնք ծագած էին Ազերպայճանի դպրոցներուն մէջ գլխաշորի եւ հագուստի վերաբերեալ նոր կանոններուն շուրջ։

Սակայն Պաքուի Լրատուամիջոցներու եւ հեռարձակման խորհուրդը Նոյեմբեր 17-ին պարզաբանած է, որ նոր օրէնսգիրքը լրացուցիչ արգելք չի հաստատեր, այլ կը համակարգէ արդէն գոյութիւն ունեցող օրինական սահմանափակումները։ Նախկին օրէնսդրութեամբ՝ պետական պաշտօն ստանձնող հոգեւորականները պարտաւոր էին դադրեցնելու իրենց մասնագիտական կրօնական գործունէութիւնը պաշտօնավարութեան ամբողջ տեւողութեան։

Թուրք մամուլը լայնօրէն անդրադարձած է այս որոշումին, որ կրկին ուշադրութեան կեդրոն կը բերէ Ազերպայճանի աշխարհիկ պետական համակարգին եւ կրօնական կառոյցներուն փոխյարաբերութիւնները։