Արցախահայերու նոր անցագրերուն մէջ իբրեւ ծննդավայր կը նշուի «Ազերպայճան»

Անցագիր

Միջազգային չափանիշերը նման պահանջ չեն դներ

Հայաստանի իշխանութիւնները նոր կարգը կը բացատրեն միջազգային չափանիշերուն համապատասխանելու անհրաժեշտութեամբ։ Սակայն ICAO-ի կանոնները կը թոյլատրեն նաեւ ծննդավայր քաղաքին կամ բնակավայրին նշումը։ «Արցախ» միութիւնը կը պահանջէ փոխել Հայաստանի նոր օրէնքը։

Արցախէն բռնի տեղահանուած եւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած հայերուն նոր կենսաչափական անցագրերուն (passeports) մէջ իբրեւ ծննդավայր կը նշուի «Ազերպայճան»՝ նախկինին պէս Ստեփանակերտ, Մարտունի, Ասկերան կամ ծննդավայր այլ բնակավայր արձանագրելու փոխարէն։

Նոր կարգը դժգոհութիւն յառաջացուցած է արցախահայերուն մէջ, որոնք 2023-ի Սեպտեմբերին, ազերպայճանական զինուորական յարձակումէն ետք, ստիպուած էին հեռանալու իրենց հայրենիքէն։ Անոնց համար ծննդավայրին դիմաց Ազերպայճանի անունին արձանագրութիւնը միայն վարչական փոփոխութիւն մը չէ, այլեւ իրենց ինքնութեան ու պատմական պատկանելիութեան առնչուող զգայուն հարց մը։

Հայաստանի Ներքին գործոց նախարարութեան Գաղթի եւ քաղաքացիութեան ծառայութիւնը Նոյեմբեր 19-ին հաստատած է, որ նոր անցագրերուն մէջ կը գործածուի «Ազերպայճան» նշումը։

Ծառայութիւնը իր որոշումը բացատրած է միջազգային չափանիշերուն համապատասխանելու անհրաժեշտութեամբ՝ յղում կատարելով Քաղաքացիական օդագնացութեան միջազգային կազմակերպութեան (ICAO) 9303 փաստաթուղթին եւ ISO 3166 չափանիշին։

Ըստ ծառայութեան՝ հին նմուշի կապոյտ անցագրերուն մէջ ծննդավայրին վերաբերող գրառումները բազմիցս հարցեր յարուցած են տարբեր երկիրներու սահմանային իշխանութիւններուն մօտ։

Հայաստանի պատկան մարմինները կը յայտնեն, որ նման դժուարութիւնները նախապէս կարելի եղած է հարթել օտարերկրեայ համապատասխան ծառայութիւններուն հետ բանակցութիւններով։ Նոր կարգով, սակայն, որոշուած է միօրինակ ձեւով արձանագրել ծննդավայր պետութիւնը՝ սահմանային անցակէտերուն վրայ հաւանական խնդիրները կանխելու նպատակով։

Միջազգային չափանիշերը ի՞նչ կը նախատեսեն

Պաշտօնական այս բացատրութիւնը, սակայն, վիճարկուած է թէ՛ իրաւապաշտպան շրջանակներու, թէ՛ փաստերու ստուգումով զբաղող լրասփիւռներու կողմէ։

ICAO-ի 9303 փաստաթուղթին երրորդ մասին 3.7-րդ կէտը կը նախատեսէ, որ անցագրին մէջ ծննդավայրին նշումը պարտադիր չէ։ Եւ եթէ այդ տեղեկութիւնը ընդգրկուի, կարելի է արձանագրել քաղաքին, բնակավայրին, արուարձանին եւ կամ պետութեան անունը։

Փաստաթուղթը նաեւ կը յանձնարարարէ անցագիր տրամադրող պետութիւններուն նկատի առնել ծննդավայրին վերաբերող քաղաքական զգայուն հանգամանքները։

ISO 3166-ը, իր կարգին, կը սահմանէ երկիրներու եւ տարածքներու միջազգային ծածկագրերը, բայց չի պարտադրեր, որ անձնագիրին մէջ իբրեւ ծննդավայր անպայման պետութեան անունը արձանագրուի։

Հետեւաբար, միջազգային այս չափանիշերը ինքնին չեն արգիլեր Ստեփանակերտի կամ Արցախի այլ բնակավայրերու անուններուն նշումը՝ առանց «Ազերպայճան» գրառման։

Հայաստանի նոր օրէնքը փոխած է նախկին կարգը

Խնդրին հիմքը Հայաստանի՝ 2026 Մայիս 11-ին ընդունուած «Անձը հաստատող փաստաթուղթի մասին» նոր օրէնքն է, որ ի զօրու դարձած է Հոկտեմբեր 30-ին։

Օրէնքին երրորդ յօդուածին հինգերորդ մասին համաձայն՝ քաղաքացիին անցագրին մէջ իբրեւ ծննդավայր պէտք է նշուի պետութիւնը։

Մինչդեռ 2011-ին ընդունուած նախկին օրէնքը քաղաքացիին կարելիութիւն կ՚ընձեռէր իր ցանկութեամբ ծննդավայր պետութեան փոխարէն նշել մարզը, շրջանը, քաղաքը կամ գիւղը։

Այս կարգին շնորհիւ արցախահայերը կրնային իրենց անցագրերուն մէջ արձանագրել Ստեփանակերտ, Մարտունի, Ասկերան, Մարտակերտ կամ ծննդավայր այլ բնակավայր՝ առանց Ազերպայճանի անունին յիշատակութեան։

Նոր օրէնքը այդ ընտրութեան հնարաւորութիւնը վերացուցած է։

Հայաստանի նոր կենսաչափական անցագրերու տրամադրութիւնը սկսած է 2026 Նոյեմբեր 1-ին։ Ներքին գործոց նախարար Արփինէ Սարգսեան յստակացուցած է, որ նախկին անցագրերը կը շարունակեն վաւերական մնալ մինչեւ իրենց ժամկէտին աւարտը, եւ քաղաքացիները պարտաւոր չեն զանոնք անմիջապէս փոխելու։

«Արցախ» միութիւնը կը պահանջէ վերանայիլ որոշումը

Նոյեմբեր 20-ին հրապարակած յայտարարութեամբ «Արցախ» միութիւնը քննադատած է Հայաստանի իշխանութիւններուն բացատրութիւնը՝ պնդելով, որ «Ազերպայճան» նշումը միջազգային պարտադրանք չէ, այլ Հայաստանի իշխանութիւններուն ընտրած քաղաքականութեան եւ նոր օրէնսդրութեան հետեւանքը։

Միութիւնը կը շեշտէ, որ ICAO-ի չափանիշերը կը թոյլատրեն ծննդավայր բնակավայրին արձանագրութիւնը, եւ իշխանութիւնները պարտաւոր են պարզաբանելու, թէ միջազգային ո՛ր դրոյթը կ՚արգիլէ այդ հնարաւորութիւնը։

Կազմակերպութիւնը ուշադրութիւն հրաւիրած է նաեւ մինչեւ 1991 ծնած արցախահայերուն պարագային։ Անոնք ծնած են Խորհրդային Միութեան մէջ, մինչդեռ նոր անցագրերուն մէջ կը նշուի «Ազերպայճան»։ Միութեան համաձայն՝ ծննդավայր պետութեան արձանագրութիւնը պէտք է համապատասխանէ անձին ծննդեան պահուն գոյութիւն ունեցած պետական կարգավիճակին եւ ծննդեան վկայականին։

«Արցախ» միութիւնը կը պահանջէ Հայաստանի կառավարութենէն եւ Ազգային ժողովէն շտապ փոխել օրէնքը՝ վերականգնելով ծննդավայր քաղաքը կամ բնակավայրը նշելու հնարաւորութիւնը։

Մինչ այդ, կազմակերպութիւնը կ՚առաջարկէ կասեցնել «Ազերպայճան» գրառմամբ անցագրերու տրամադրումը այն քաղաքացիներուն, որոնք կ՚առարկեն այդ նշումին դէմ։

Միութիւնը նաեւ Գաղթի եւ քաղաքացիութեան ծառայութենէն կը պահանջէ հրապարակել թէ՛ իր վկայակոչած միջազգային կանոններուն համապատասխան դրոյթները, թէ՛ հին անցագրերուն պատճառով սահմանային անցակէտերուն վրայ արձանագրուած դժուարութիւններուն մասին տուեալները։

Միաժամանակ, ան դիմած է Հայաստանի Մարդկային իրաւանց պաշտպանին՝ պահանջելով ուսումնասիրել նոր կարգին համապատասխանութիւնը սահմանադրական երաշխիքներուն եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, հարցը ներկայացնել Սահմանադրական դատարան։

Միութիւնը կը յորդորէ նոր անցագիր ստանալու ընթացքին «Ազերպայճան» գրառման դէմ առարկող արցախահայերուն գրաւոր դիմում ներկայացնել պատկան ծառայութեան եւ պահանջել պատճառաբանուած վարչական որոշում։ Կազմակերպութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է իրաւական աջակցութիւն տրամադրելու։

Ծննդավայրի արձանագրութիւնը՝ ինքնութեան հարց

Արցախահայերուն համար խնդիրը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի՝ նկատի ունենալով 2023-ին իրենց հայրենիքէն բռնի տեղահանութիւնը եւ անոր յաջորդած տարիներուն իրենց իրաւունքներուն ու կարգավիճակին շուրջ շարունակուող անորոշութիւնները։

Թէեւ «Ազերպայճան» նշումը կը վերաբերի ծննդավայրին եւ չի փոխեր անցագրի տիրոջ հայկական քաղաքացիութիւնը, անոր գործածութիւնը դժգոհութիւն կը յառաջացնէ այն պատճառով, որ Արցախի քաղաքներուն եւ գիւղերուն անունները կը փոխարինուին Ազերպայճանի անունով։

Քննադատներուն գնահատումով՝ այս փոփոխութիւնը փաստաթուղթերու միջազգային համապատասխանութեան ապահովումէն անդին կ՚արտացոլէ Հայաստանի իշխանութիւններուն քաղաքական մօտեցումը Արցախի հարցին նկատմամբ եւ կը նպաստէ Արցախի անունին աստիճանական վերացման պաշտօնական փաստաթուղթերէն։

Մինչդեռ միջազգային կանոնները այլ հնարաւորութիւններ ալ կը նախատեսեն, եւ Հայաստանի օրէնսդրութիւնը փոփոխելու իրաւասութիւնը կը մնայ Հայաստանի իշխանութիւններուն ձեռքը։

Cet article vous a été utile ?

Par votre abonnement ou votre don, vous pouvez aider à ce que les articles de « Nor Haratch » restent accessibles gratuitement.

Derrière chaque article, il y a des journalistes et des rédacteurs qui doivent recevoir la juste rémunération de leur travail.

Voir nos offres d'abonnement

Soutenez NH