Հայաստանի Սպայակոյտի պետ Էդուարդ Ասրեան՝ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Գաթրին Գոլոնային ներկայացուցած է 2022 Սեպտեմբերին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ Ազերպայճանի ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքները։
Ջերմուկի մէջ ֆրանսացի դիւանագէտին հետ հանդիպումին Ասրեան նշած է, որ 2022 Սեպտեմբեր 13-14-ին Ազերպայճան Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ յարձակած է 5 ուղղութիւններով, որոնցմէ 2-ը՝ Սիւնիքի մարզին մէջ, 2-ը՝ Գեղարքունիքի, 1-ը՝ Վայոց Ձորի։ Ան աւելցուցած է, որ յարձակման ընթացքին Ադզերպայճան գործածած է հրթիռային, հրետանային զէնքեր, անօդաչու սարքեր՝ հարուածներ հասցնելով թէ՛ ռազմական, թէ՛ ալ տնտեսական ու քաղաքացիական կառոյցներուն։
“Ցաւօք, այդ գործողութիւններու ընթացքին Հայաստանի զինեալ ուժերը կրեցին կորուստներ, նաեւ պարզ քաղաքացիներ զոհուեցան, ունեցանք հողային կորուստներ։ Սա պահուս հակառակորդը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի շուրջ 139 քառակուսի քիլոմեթրը գրաւած է”,– ընդգծած է Ասրեան` աւելցնելով, թէ մեծ վնասներ հասցուած են նաեւ քաղաքացիական ենթակառոյցներուն, մասնաւորապէս Ջերմուկի ճոպանուղիին, որ այս պահուս չի գործեր։
Ասրեան տեղեկացուցած է, որ Ջերմուկի ուղղութեամբ թշնամին Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներխուժած է աւելի քան 60 քառակուսի քիլոմեթր մակերեսով. լայնքով՝ շուրջ 11 քիլոմեթր, խորութեամբ՝ շուրշ 8 քիլոմեթր։
Սպայակոյտի պետը Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարին տեղւոյն վրայ ցոյց տուած է, թէ Ջերմուկի ուղղութեամբ այն վայրը ուրկէ կ՚անցնէր հայ-ազերպայճանական սահմանը, եւ հիմա ուր տեղակայուած են Ազերպայճանի զինեալ ուժերը։