Երեւանի մէջ «DigiTec 2026»-ը համախմբեց միջազգային արհեստագիտական խոշոր ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ
Նոյեմբեր 20-22-ին Երեւանի «Մերիդիան» ցուցահանդէսային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «DigiTec 2026» արհեստագիտութեան միջազգային եռօրեայ համաժողովը՝ աշխարհի մեծագոյն ընկերութիւններէն աւելի քան 100 բանախօսներու մասնակցութեամբ։
Համաժողովին մասնակցեցան NVIDIA, OpenAI, Amazon Web Services, Dell Technologies, AMD, Mozilla եւ այլ միջազգային ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ։
Քննարկումներուն առանցքը կազմեցին արհեստական բանականութեան եւ ռոպոթաշինութեան զարգացումները, ինչպէս նաեւ Հայաստանը արհեստական բանականութեան տարածաշրջանային կեդրոն դարձնելու հեռանկարները։

