Փարիզ – «Keron Impact Gala 2026» երեկոյթին 2 միլիոն տոլարի հանգանակութիւն՝ Երեւանի բժշկական համալսարանի նոր գրադարանին համար
«Կերոն» զարգացման հիմնադրամը Փարիզի Four Seasons Hotel George V պանդոկին մէջ Նոյեմբեր 18-ին կազմակերպեց իր առաջին միջազգային հանդիսաւոր երեկոյթը՝ «Keron Impact Gala / Paris 2026 – Uniting Lights for Armenia» խորագրով։ Ձեռնարկը համախմբեց Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, Հայաստանի բարեկամներ, բարերարներ, գործարարներ, մշակոյթի եւ առողջապահութեան ոլորտներու գործիչներ, ինչպէս նաեւ միջազգային գործընկերներ։
Երեկոյթը բացուեցաւ ժամանակակից Հայաստանը ներկայացնող տեսանիւթով մը եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան գլխաւոր քարտուղար Դաւիթ Կարապետեանի ողջոյնի խօսքով։
Ձեռնարկին գլխաւոր նպատակը Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանի գրադարանը արդիական կրթական եւ հետազօտական կեդրոնի վերածելու ծրագրին աջակցիլն էր։ Այս նպատակին համար արդէն հանգանակուած է 2 միլիոն ամերիկեան տոլար՝ անհատ նուիրատուներու, կազմակերպութիւններու եւ գործընկերներու մասնակցութեամբ, նաեւ reArmenia հարթակին միջոցով։
«Կերոն» հիմնադրամը, համալսարանին հետ գործակցաբար, կը նախատեսէ ներկայիս 600 քառակուսի մեթր տարածքով գրադարանը ընդարձակել մինչեւ 3000 քառակուսի մեթր՝ ստեղծելով արդիական ընթերցասրահներ, անհատական եւ խմբային աշխատանքի, ուսման ու հետազօտութեան յատկացուած տարածքներ, ինչպէս նաեւ թուային աղբիւրներու հասանելիութիւն։ Կեդրոնը բաց պիտի ըլլայ նաեւ լայն հանրութեան առջեւ։ Ճարտարապետական նախագիծը պատրաստած է նետերլանտական Defesche van den Putte (DVDP) ընկերութիւնը։
Ծրագիրը ներկայացուցին հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Վանանէ Արարքցեան եւ համալսարանի վերատեսուչ, փրոֆ. Արմէն Մուրատեան։ Յատուկ գնահատանքի արժանացաւ բարերար Վանիկ Վանունց, որուն նուիրատւութիւնը կը դիամգրաւէ ծրագրին ընդհանուր պիւտճէին գրեթէ կէսը։
Երեկոյթին ներկայացուեցան նաեւ 2024-էն ի վեր գործող Հիմնադրամին իրականացուցած աշխատանքները, որոնք կ՚ընդգրկեն հինգ գլխաւոր ուղղութիւն՝ կրթութիւն, առողջապահութիւն, մշակոյթ, մարզանք եւ տարածքային զարգացում։
Գեղարուեստական յայտագրին առանցքը կազմեց Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբին եւ Բժիշկներու համաշխարհային նուագախումբին (World Doctors Orchestra) միացեալ ելոյթը։ Հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններու մեկնաբանման առընթեր ելոյթ ունեցան Լուսինէ Լեւոնի եւ ֆրանսահայ թաւջութակահար Աստղիկ Սիրանոսեան։ Ներկաներուն շարքին էին նաեւ Սերժ Աւետիքեան, Սերգէյ Սմբատեան, փրոֆ. Արա Բաբլոյեան, Ռոզի Արմէն եւ ֆրանսացի շարք մը քաղաքապետեր ու փոխքաղաքապետեր։
«Կերոն» կը նախատեսէ նման միջազգային հանդիպումներ կազմակերպել երկու տարին անգամ մը՝ Հայաստանի զարգացման շուրջ նոր գործակցութիւններ ստեղծելու նպատակով։ Յաջորդ «Keron Impact Gala»-ն նախատեսուած է 2028-ին։

