Հրապարակուեցաւ Հայաստանի նոր Սահմանադրութեան նախագիծը՝ առանց Անկախութեան հռչակագրին յղումին

Screenshot

Screenshot

Ընդդիմութիւնը կը դատապարտէ փոփոխութիւնը, իսկ Պաքու դրական կը գնահատէ զայն

Հայաստանի կառավարութիւնը Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23-ին հրապարակեց նոր Սահմանադրութեան նախագիծը՝ yourconstitution.am յատուկ կայքին միջոցով։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ հարթակը ստեղծուած է, որպէսզի քաղաքացիները կարենան ծանօթանալ փաստաթուղթին եւ իրենց առաջարկները ներկայացնել։

Նախագիծին ամէնէն վիճայարոյց փոփոխութիւնը 1990-ի Անկախութեան հռչակագրին յղումին վերացումն է Սահմանադրութեան նախաբանէն։ Ներկայ Սահմանադրութիւնը կը յղուի այդ հռչակագրին, որ իր կարգին կը վկայակոչէ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման մասին 1989-ի որոշումը։ Պաքու այս յղումը կը ներկայացնէ իբրեւ Ազերպայճանի նկատմամբ հողային պահանջ եւ անոր վերացումը պայման կը դնէ խաղաղութեան համաձայնագրի վերջնական ստորագրութեան համար։

Նոր նախաբանը ատոր փոխարէն կը շեշտէ Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքին մէջ անկախ եւ ինքնիշխան պետութեան կառուցումը։ Նախագիծին ութերորդ յօդուածը նաեւ խաղաղութեան ապահովումը կը սահմանէ իբրեւ արտաքին քաղաքականութեան նպատակ։

Նոյեմբեր 23-ին ժողովուրդին ուղղած իր ուղերձին մէջ Փաշինեան պնդեց, որ սահմանադրական փոփոխութիւնը արտաքին ճնշումներու հետեւանք չէ, այլ Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման եւ մնայուն խաղաղութեան հաստատման նախաձեռնութիւն։ Ան յայտարարեց, որ նոր Սահմանադրութեան ընդունումէն ետք կարելի պիտի ըլլայ ստորագրել եւ վաւերացնել Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրը։

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով նոյն օրը դրական գնահատեց հրապարակուած նախագիծը՝ յայտարարելով, որ անոր մէջ Պաքուի դէմ հողային պահանջ չի տեսներ։

Ընդդիմութիւնը, սակայն, կը դատապարտէ փոփոխութիւնը՝ նախագիծը կոչելով «Ալիեւեան Սահմանադրութիւն» եւ պնդելով, որ ան կը պատրաստուի Պաքուի պահանջով։ Ընդդիմութեան այս դիրքորոշումը նաեւ կը դժուարացնէ նոր Սահմանադրութեան ընդունման համար անհրաժեշտ հանրաքուէի կազմակերպումը։ Արդարեւ, իշխանութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը Ազգային ժողովին մէջ ունի 64 աթոռ, մինչ նոր Սահմանադրութեան նախագիծը հանրաքուէի դնելու որոշումին համար անհրաժեշտ է առնուազն 70 քուէ։ Հետեւաբար, Փաշինեան պէտք ունի ընդդիմադիր առնուազն վեց երեսփոխանի աջակցութեան, զոր ընդդիմադիր խմբակցութիւնները կը մերժեն տրամադրել։

Նախագիծը այլ փոփոխութիւններ ալ կը նախատեսէ, որոնց կարգին՝ ընտրութիւններուն եւ հանրաքուէներուն մասնակցելու իրաւունքին սահմանափակում Հայաստանի սահմաններէն դուրս բնակող այն քաղաքացիներուն համար, որոնք քուէարկութեան նախորդող երկու տարիներէն առնուազն մէկը մշտապէս չեն բնակած Հայաստանի մէջ։

Հրապարակուած փաստաթուղթը վերջնական չէ։ Իշխանութեան խմբակցութեան համաձայն՝ հանրային քննարկումները պիտի շարունակուին մինչեւ 2027-ի գարուն, որմէ ետք նախագիծը պիտի ներկայացուի Ազգային ժողով։

Cet article vous a été utile ?

Par votre abonnement ou votre don, vous pouvez aider à ce que les articles de « Nor Haratch » restent accessibles gratuitement.

Derrière chaque article, il y a des journalistes et des rédacteurs qui doivent recevoir la juste rémunération de leur travail.

Voir nos offres d'abonnement

Soutenez NH