ՖՐԱՆՍԱ – Սիմոն Աբգարեան՝ Արիան Մնուշքինի յաջորդը « Théâtre du Soleil »-ի մէջ

Սիմոն Աբգարեան

Ֆրանսահայ դերասան, բեմադիր եւ թատերագիր Սիմոն Աբգարեան 2027 Սեպտեմբերին պիտի ստանձնէ Փարիզի նշանաւոր Théâtre du Soleil («Արեւու թատրոն») թատերախումբին ղեկավարութիւնը՝ յաջորդելով անոր հիմնադիր Արիան Մնուշքինին։ 1964-ին հիմնուած այս հաստատութիւնը առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ ֆրանսական թատերական կեանքին մէջ։

Այս մասին Ֆրանսական լրատու գործակալութեան (AFP) յայտնած է 87-ամեայ Արիան Մնուշքին, որ աւելի քան վեց տասնամեակէ ի վեր կը ղեկավարէ թատերախումբը։ Ան յստակացուցած է, թէ Աբգարեան 2027-ի գարնան արդէն պիտի սկսի աշխատիլ խումբին հետ, իսկ Սեպտեմբերին պաշտօնապէս պիտի ստանձնէ ղեկավարութիւնը։

Այս նշանակումը խորհրդանշական վերադարձ մըն է Աբգարեանի համար, որ իր թատերական ասպարէզը սկսած էր նոյն թատերախումբին մէջ՝ 1985-ին, եւ ութ տարի աշխատած Արիան Մնուշքինի ղեկավարութեան ներքեւ։ Հայ արուեստագէտը, որ իր մանկութեան մէկ մասը անցուցած է Պէյրութի մէջ, Le Monde օրաթերթին յայտնած է, թէ մտադիր է շարունակել ժողովրդական, տօնական եւ բոլորին մատչելի թատրոնի աւանդութիւնը։

64-ամեայ Աբգարեան արժանացած է չորս «Մոլիէռ» մրցանակի։ Ան յատկապէս ծանօթ է Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած մարդու մը կերպարով՝ Une bête sur la lune թատերախաղին մէջ, ինչպէս նաեւ Միսաք Մանուշեանի մարմնաւորումով՝ Ռոպէր Կeտիկեանի L’Armée du crime (2009) ժապաւէնին մէջ։ Վերջերս ան մեծ գնահատանքի արժանացաւ նաեւ Զօրավար Շառլ տը Կօլի իր մարմնաւորումով՝ Անթոնէն Պոտրիի La Bataille de Gaulle շարժանկարային երկմասանի ստեղծագործութեան մէջ։

Փարիզի Վենսէնի անտառի «Քարթուշըրի» մշակութային համալիրին մէջ հաստատուած «Արեւու թատրոն»-ը միջազգային հռչակ ձեռք բերած է իր նորարար ներկայացումներով եւ հաւաքական ստեղծագործութեան սկզբունքով։ Աբգարեանի վերադարձով նոր էջ մը կը բացուի թատերախումբին պատմութեան մէջ՝ Արիան Մնուշքկինի վեց տասնամեակի բացառիկ գործունէութենէն ետք։

Cet article vous a été utile ?

Par votre abonnement ou votre don, vous pouvez aider à ce que les articles de « Nor Haratch » restent accessibles gratuitement.

Derrière chaque article, il y a des journalistes et des rédacteurs qui doivent recevoir la juste rémunération de leur travail.

Voir nos offres d'abonnement

Soutenez NH